image

Պաքուն կը պահանջէ Ղարաբաղէն «անջատողական ռեժիմի» լուծարում

Պաքուն կը պահանջէ Ղարաբաղէն «անջատողական ռեժիմի» լուծարում

Ատրպէյճանը կը պահանջէ հայ զինուորականներու անվերապահ եւ ամբողջական դուրսբերումը Ղարաբաղի տարածաշրջանէն եւ «այստեղ ստեղծուած անջատողական ռեժիմի լուծարում»,-յայտնած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն։

«Ձեռնարկուած միջոցառումներու նպատակը բացառապէս ապօրինի հայկական ռազմական կազմաւորումներն ու ռազմական ենթակառուցուածքներն են»,- ըսուած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի յայտարարութեան մէջ։

ԱԳՆ-ն ընդգծած է, որ Պաքուն բազմիցս յայտարարած է, որ հակառակ 2020 թուականի նոյեմբեր 10-ին ստորագրուած եռակողմ հռչակագրի դրոյթներու՝ «Հայաստանի զինուած ուժերը դեռ դուրս չեն բերուած Ղարաբաղէն, եւ անոնց ներկայութիւնը լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան համար»։

«Տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու միակ ճանապարհը Հայաստանի զինուած ուժերու անվերապահ եւ ամբողջական դուրսբերումն է Ատրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանէն եւ ինքնահռչակ ռեժիմի լուծարումը»,- նշած է ԱԳՆ-ն։