Այսօր Պաքուի ռազմական դատարանին մէջ կը շարունակուի բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանի «գործով» շինծու դատավարութիւնը:
Նշենք, որ նախորդ նիստին «ցուցմունք» տուած էր աւելի քան 20 «տուժող»։
Անոր դեմ շինծու գործը կը քննուի Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներու դէմ գործէն առանձնացուած։
Ատրպէյճանը Վարդանեանը կը մեղադրէ «խոշտանգումներու», «շահադիտական գործունէութեան», «պատերազմի օրէնքներու խախտման», «ահաբեկչութեան», «ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման» համար:
Շինծու դատավարութեան գործընթացը մեկնարկած էր յունուար 17-ին: