image

Պաքուի մէջ հանդիպած են Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ՊՆ ղեկավարները

Պաքուի մէջ հանդիպած են Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ՊՆ ղեկավարները

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը, Մայիս 28-ին, հանդիպած է աշխատանքային այցով Ատրպէյճան գտնուող Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլերի հետ, հաղորդած է երկրի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին վստահութիւն յայտնուած է, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ փոխվստահութեան եւ աջակցութեան վրայ հիմնուած համագործակցութիւնը պիտի շարունակէ յաջող զարգանալ։ Նշուած է, որ Պաքուի եւ Անգարայի միջեւ ռազմավարական դաշնակցութիւնը կառուցուած է բարեկամական եւ եղբայրական կապերու վրայ։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ռազմական, ռազմատեխնիկական, ռազմակրթական եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները, եւ կարեւորուած է այս ոլորտներուն մէջ իրականացուող աշխատանքներու հետագայ ընդլայնումը։