Ատրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութեան, Պետական անվտանգութեան ծառայութեան եւ գլխաւոր դատախազութեան աշխատակիցները համատեղ համալիր միջոցառումներ իրականացուցած են՝ կանխելու համար այն յանցագործութիւնները, որոնք նախատեսած էին իրականացնել Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան յատուկ ծառայութիւններու կողմէ հաւաքագրուած անձինք՝ փողի դիմաց եւ կրօնական քարոզչութեան հետեւանքով։ Այս մասին տեղեկացուած է նշուած պետական կառոյցներու համատեղ յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
«Պարզուած է, որ Իրան ապրող եւ իրանեան յատուկ ծառայութիւններու հետ համագործակցող Ռուֆուլլա Ախունտզատէն եւ Պախթիյար Պայրամովը փողի դիմաց յանձնարարած են Թերթերի շրջանի բնակիչ Արիֆ Ճումշուտովին ստեղծել «դիմադրութեան խումբ»՝ Ատրպէյճանի տարածքին մէջ զինուած անկարգութիւններ կազմակերպելու, երկրի սահմանադրական կարգը բռնի փոխելու եւ շարիաթի օրէնքներով առաջնորդուող «Քարիմա» պետութիւն ստեղծելու համար։
Յանձնարարութեան հիման վրայ Արիֆ Ճումշուտովը ծրագրի իրագործման ներգրաւած է իր ծանօթները՝ Թարզան Կարաշեւ, Սանան Մամետով, Հականի Մամետով եւ Իղպալա Ախունտով, որոնք կրօնական արմատականութիւն կը քարոզեն։ Ճումշուտով իր տան մէջ գաղտնի ժողովներ վարած է եւ նշուած անձանց հասցուցած Ախունտզատէի եւ Պայրամովի յանձնարարութիւնները։ Միեւնոյն ժամանակ, խումբի անդամները փորձած են համագործակցութեան համար ներգրաւել նոր անձանց եւ այդ մասին տեղեկացուցած են Ախունտզատէին։ Բացի այդ, Ախունտզատէն համագործակցութեան համար ներգրաւած է նաեւ Պաքուի բնակիչ Անար Իսաեւը, անոր եւս յանձնարարած է ստեղծել «դիմադրութեան խումբ»՝ Ատրպէյճանի տարածքին մէջ զինուած անկարգութիւններ կազմակերպելու եւ «Քարիմա» պետութիւն հիմնելու համար, որ կ'առաջնորդուի շարիաթի օրէնքներով։
Ախունտզատէն, խոշոր գումարներ, զէնք եւ համակողմանի աջակցութիւն խոստանալով, Ա.Իսաեւն ու Ա. Ճումշուտովը ծանօթացուցած է իրար հետ՝ համատեղ եւ համակարգուած գործողութիւններու համար։ Նշուած անձինք, որպէս հաւատացեալ ներկայանալով, ընկերային ցանցերու մէջ եւ մարդոց շրջանին Իրանի եւ կրօնական արմատականութեան մասին քարոզչութիւն վարած են, կատարած են արտասահմանէն ստացած յանձնարարութիւնները՝ Ատրպէյճանի մէջ կրօնական հանդուրժողականութիւնը խափանելու նպատակով։
Բացի այդ, խումբի անդամները կազմակերպած են թմրանիւթերու վաճառք, որոնք մատակարարուած են Իրանէն, ստացած խոշոր գումարները ծախսած են Ատրպէյճանի մէջ կրօնական արմատականութիւն քարոզելու եւ խափանարար այլ գործունէութիւն ծաւալելու համար։ Այս ուղղութեամբ կը շարունակուին որոնողական եւ քննչական միջոցառումները»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։