image
Հրատապ լուրեր:

Պաքուէն Արցախին ուղղուած «հրաւէր»

Պաքուէն Արցախին ուղղուած «հրաւէր»

Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմը Արցախի ներկայացուցիչներուն առաջարկած է «որպէս մարտ 1-ի հանդիպման եւ մարտ 13-ի հրաւէրի շարունակութիւն, հանդիպիլ Պաքուի մէջ»:

«Որպէս մարտ 1-ին կայացած հանդիպման եւ մարտ 13-ին ներկայացուած հրաւէրի շարունակութիւն, Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմը անգամ մը եւա կ'առաջարկէ հանդիպում կայացնել Պաքուի մէջ ապրիլի առաջին շաբթուան ընթացքին՝ քննարկելու վերահամարկումը, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղի մէջ ենթակառուցուածքային ծրագրերու իրականացման հարցը»,- նշուած է Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի տարածած տեղեկատւութեան մէջ։

Յիշեցնենք, որ Արցախի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու նախորդ հանդիպումը ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութեան մասնակցութեամբ տեղի ունեցած էր 24 փետրուարին։ Կողմերը հանդիպած էին նաեւ մէկ շաբաթ անց՝ մարտ 1-ին Իվանեանի մէջ (նախկին Խոճալու)։ Քննարկուած էր Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման հարցը, ելեկտրականութեան եւ կազի մատակարարման խնդիրները, ինչպէս նաեւ Պաքուի ներկայացուցիչներու կողմէ Դրմբոնի եւ Կաշէնի հանքավայրերուն մէջ բնապահպանական վերահսկողութեան հնարաւորութիւնը։ Հանդիպումներէն ետք Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը բացառած էր Ատրպէյճանի հետ համարկման որեւէ գործընթաց: