Ատրպէյճանը սկսած է կազ ներմուծել Ռուսիայէն գործարքի ծիրի մէջ, որ պէտք է թոյլ տայ Պաքուին բաւարարել իր ներքին կարիքները, որ սակայն, լուրջ հարցադրումներ կ'առաջացնէ դէպի Եւրոպա արտահանումը խթանելու վերջին գործարքի վերաբերեալ, կը գրէ Eurasianet-ը։
18 նոյեմբերին «Կազփրոմ»ը յայտարարած է, որ 15 նոյեմբերին սկսած է կազ մատակարարել ատրպէյճանական պետական SOCAR կազային ընկերութեան եւ մինչեւ 2023 թուականի մարտը պիտի մատակարարէ մինչեւ մէկ միլիառ խորանարդ մեթր ընդհանուր ծաւալով վառելանիւթ։ Ո՛չ Ատրպէյճանի ուժանիւթի նախարարութիւնը, ո՛չ SOCAR-ը չեն արձագանգած համաձայնագրի հաստատման վերաբերեալ Eurasianet-ի հարցերուն:
Պայմանագիրը ստորագրուած է ձմրան կիսուն կազի պահանջարկի գագաթնակէտէն քիչ ժամանակ առաջ, քանի որ Ատրպէյճանը կը ձգտի պահպանել կազի մատակարարումները իր ներքին սպառողներուն՝ միաժամանակ կատարելով իր արտահանման պարտաւորութիւնները դէպի Վրաստան եւ Թուրքիա՝ ընդլայնելով իր առեւտուրը Եւրոպայի հետ: Այս տարի Հարաւային կազային միջանցքով դէպի Եւրոպա արտահանումը պէտք էր հասնէր 10 միլիառ խորանարդ մեթրի, սակայն Եւրամիութեան հետ յուլիսին ստորագրուած փոխըմբռնման նոր յուշագրի համաձայն, Պաքուն համաձայնած է արտահանումը հասցնել 12 միլիառ խորանարդ մեթրի: Այս աճը պէտք էր օգնէր Պրիւքսէլին փոխհատուցելու ռուսական կազի մատակարարումներու կորուստը, որ դադրեցուցած էր Մոսկուան՝ ի պատասխան ԵՄ պատժամիջոցներուն: Թէեւ գործարքը լայնօրէն տարածուած է ե՛ւ Պրիւքսէլի, ե՛ւ Պաքուի մէջ, սակայն պարզ չէր, թէ յստակ ուրկէ պիտի գայ լրացուցիչ կազը:
Ատրպէյճանի հսկայ «Շահ Տենիզ» կազային հանքավայրը, որ ներկայիս կը մատակարարէ Ատրպէյճանի կողմէ արտահանուող ամբողջ կազը, հաստատած է, որ արտահանման նոր պայմանագրեր չեն կնքուած։
Ռուսիոյ դէմ ԵՄ պատժամիջոցները չեն տարածուիր Ատրպէյճանի վրայ եւ այն դեռեւս կրնայ ռուսական կազ ներմուծել այնքան, որքան կը ցանկանայ։ Սակայն նոր գործարքը կը հակասէ յուլիսեան համաձայնագրի քաղաքական մտադրութեան, որ համաձայնեցուած էր մեծցնել ատրպէյճանական կազի ծաւալը դէպի Եւրոպա՝ օգնելու ԵՄ-ին նուազեցնելու իր կախուածութիւնը ռուսական կազէն:
Յուլիսին ստորագրուած փաստաթուղթով Պաքուն նաեւ համաձայնած է մինչեւ 2027 թուականը տարեկան մինչեւ 20 միլիառ խորանարդ մեթրով կրկնապատկել արտահանումը Հարաւային կազային միջանցքով: Այս քայլը թանկ կ'արժէ եւ ժամանակ կը պահանջէ իրագործման համար՝ պահանջելով ինչպէս նոր սեղմող գործիքներու յաւելում գոյութիւն ունեցող խողովակաշարերուն, այնպէս ալ հսկայական ներդրումներ Ատրպէյճանի կազի հանքավայրերուն մէջ՝ անհրաժեշտ կազն արտադրելու համար:
Դեռեւս պէտք է որոշում կայացուի Հարաւային կազային միջանցքը կազմող երեք խողովակաշարերու ընդլայնման վերաբերեալ, որով ատրպէյճանական կազը կը տեղափոխուի Եւրոպա, սակայն հարցական կը մնայ այն, թէ ուրկէ պիտի գայ տարեկան լրացուցիչ 10 միլիառ խորանարդ մեթր կազը: Այս տարուայ սկիզբը BP-ն հաստատած է, որ հսկայ «Շահ Տենիզ» կազային հանքավայրը, ի վիճակի չէ ապահովել իրեն անհրաժեշտ լրացուցիչ 10 միլիառ խորանարդ մեթրը: Ատրպէյճանի մէջ կան քանի մը այլ փոքր կազի հանքավայրեր, սակայն կ'ակնկալուի, որ անոնց արդիւնահանումը բաւարար չէ Պրիւքսէլի հանդէպ Պաքուի պարտաւորութիւնները կատարելու համար, ինչ որ կը մեծցնէ հաւանականութիւնը, որ կազը պէտք է մատակարարուի տարածաշրջանի այլ երկիրներէ:
Այս վերածնել տուած է վաղեմի յոյսերն այն մասին, որ Ատրպէյճանը կը կարողանայ կազ տարանցել իր մերձկասպեան հարեւան Թուրքմենիստանէն, որ կը հպարտանայ մոլորակի վեցերորդ ամենամեծ կազի պաշարներով:
Թուրք պաշտօնեաները յուլիսին հաստատած են, որ Անգարան կը դիտարկէ թուրքմենական կազը Ատրպէյճանէն Հարաւային կազային միջանցքով դէպի Եւրոպա տարանցման երեք տարբերակ։ Սակայն տարբերակներէն որեւէ մէկուն վերաբերեալ առաջընթացի մասին լուրեր չկան: