ՆԱԹՕ պէտք է օգնէ ստեղծել պայմաններ, որոնց պարագային Ուքրանիան կարենայ բանակցութիւններ սկսիլ Ռուսիոյ հետ «ընդունելի» պայմաններով, ըսած է ՆԱԹՕ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթընպերկ, հաղորդած է Քոմերսանթ:
Ան հնարաւոր համարած է, որ Ուքրանիա կրնայ ՆԱԹՕ-ի անդամ դառնալ առանց իր կորսնցուցած տարածքներուն, եւ այդ ժամանակ անվտանգութեան երաշխիքները կը վերաբերին միայն Քիեւի վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններուն։
Financial Times-ին տուած հարցազրոյցին Սթոլթընպերկին հարցուցած են, թէ իրավիճակի կարգաւորման համար ինչ տարբերակ կ'առաջարկէ Ուքրանիոյ։
Ան ի պատասխան՝ նախ յիշատակած է խորհրդային-ֆիննական պատերազմը եւ յիշած, որ ֆիններն ի վերջոյ «զիջեցան տարածքի 10%-ը, բայց ապահով սահման ստացան»։
«Այս խնդիրը լուծելու ուղիներ կան: Եթէ կայ գիծ մը, որ պարտադիր չէ, որ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահման ըլլայ»,- ըսած է նախկին ընդհանուր քարտուղարը
Ան խոստովանած է, որ ոչ մէկ պատմական զուգահեռ «100 տոկոսով ճիշդ է», բայց միեւնոյն ժամանակ յիշեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգները անվտանգութեան երաշխիքներ տրամադրած է Ճափոնին, որոնք չեն ընդգրկեր Քուրիլեան կղզիները:
Որպէս օրինակ ան նշած է նաեւ Արեւմտեան Գերմանիոյ անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ին ։
«Երբ կամք կայ, լուծում գտնելու ուղիներ ալ կան։ Բայց պէտք է գիծ, որ որոշէ, թէ ուր կը կիրառուի 5-րդ յօդուածը, եւ Ուքրանիան պէտք է վերահսկէ ամբողջ տարածքը մինչեւ այդ սահմանը», - ըսած է Ենս Սթոլթընպերկ։
Հիւսիսատլանտեան պայմանագիրի 5-րդ յօդուածին մէջ ըսուած է, որ ՆԱԹՕ-ի մէկ անդամի վրայ յարձակումը կը համարուի յարձակում դաշինքի բոլոր անդամներուն վրայ: