Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը Սքոփիյի մէջ ԵԱՀԿ գլխաւոր քարտուղար Հելկա Շմիտի հետ հանդիպման ժամանակ շարք մը «ակնառու» յայտարարութիւններ ըրած է։
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ Պայրամով Լեռնային Ղարաբաղէն ողջ հայ բնակչութեան գաղթի պատասխանատւութիւնը բարդած է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններու վրայ։ «Ատրպէյճանէն հայ բնակիչներու հեռանալու համար պատասխանատւութիւն կը կրեն Հայաստանը եւ անոր վերահսկողութեան տակ գտնուող անջատողական ռեժիմը»,-ըսած է ատրպէյճանցի նախարարը։ Թէ ինչպէս հայկական կողմը պատասխանատւութիւն կը կրէ, չի նշուիր։
Լեռնային Ղարաբաղի հայերու դէմ Ատրպէյճանի սեպտեմբերեան ահաբեկչութեան մէջ մեղաւոր համարած է նաեւ միջազգային միջնորդները։
Ան Հայաստանը մեղադրած է «անտարբերութեան» եւ «վրէժխնդրութեան համար ժամանակ շահելու փորձի» մէջ, իսկ միջնորդները՝ «կանխակալ մօտեցման»։
Նախարարը նաեւ նշած է, որ «հակառակ կողմը տեղեկացուած է այս տարուան սեպտեմբերին 24 ժամուան ընթացքին մեր երկրի կողմէ իրականացուած հակաահաբեկչական միջոցառումներու մասին Հայաստանի կողմէ իր զինուած ուժերը Ատրպէյճանի տարածքներէն դուրս բերելու ձախողման լոյսին տակ՝ հակառակ Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւններուն»։
Պայրամովը, վկայակոչելով «միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները», վստահեցուցած է, որ «այս գործընթացի ժամանակ քաղաքացիական անձանց նկատմամբ բռնութիւն չէ կիրառուած»։
Ընդ որում, ըստ անոր, եկած է ժամանակն օգտուելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն հաստատելու հնարաւորութենէն։