Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան 24 դեկտեմբերին Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ հանդիպած է պետական կառոյցներու եւ շարք մը մասնաւոր ընկերութիւններու պատասխանատուներու հետ:
Հանդիպման ընթացքին, որուն մասնակցած են նաեւ ԱՀ ԱԺ նախագահ՝ Արթուր Թովմասեանը եւ ԱՀ պետական նախարար, արագ արձագանգման (օփերաթիւ) շտաբի պետ՝ Ռուբէն Վարդանեանը, ներկայացուած է Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման պատճառով ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրավիճակը: Նախագահ Յարութիւնեան նշած է, որ 3 դեկտեմբերէն ի վեր ատրպէյճանական կողմը բնապահպանական պատրուակն օգտագործելով առաջ կը քաշէ Արցախի Հանրապետութեան համար անընդունելի պահանջներ: Ըստ նախագահին՝ հերթական մարտահրաւէրին դիմակայելու համար անհրաժեշտ է ժողովուրդի եւ քաղաքական դաշտի միասնականութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին յայտարարուած է 25 դեկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ հանրահաւաք կայացնելու նախաձեռնութեան մասին, որով անգամ մը եւս պիտի հաստատուի Արցախի ժողովուրդի՝ սեփական երկրին մէջ ապրելու վճռականութիւնը: