image

Պանկլատեշի մէջ ռազմաօդային ուժերու օդանաւն ինկած է ուսումնական հաստատութեան վրայ. կան զոհեր

Պանկլատեշի մէջ ռազմաօդային ուժերու օդանաւն ինկած է ուսումնական հաստատութեան վրայ. կան զոհեր

Պանկլատեշի մայրաքաղաք Տաքքայի մէջ ռազմաօդային ուժերու ուսումնական օդանաւն ինկած է քոլեճի եւ դպրոցի մասնաշէնքերու վրայ, որու հետեւանքով առնուազն 19 մարդ զոհուած է: Այս մասին հաղորդած է Reuters գործակալութիւնը:

50-է աւելի մարդ, այդ շարքին՝ երեխաներ, այրուածքներով տեղափոխուած են հիւանդանոց: Օդանաւի վթարէն ետք խոշոր հրդեհ բռնկած է։

Պանկլատեշի ժամանակաւոր կառավարութեան ղեկավար Մուհամմատ Եունուսը յայտարարած է, որ պիտի ձեռնարկուին անհրաժեշտ միջոցառումներ միջադէպի պատճառը պարզելու համար:

Այս օդանաւի վթարէն մէկ ամիս առաջ հարեւան Հնդկաստանի Ահմետապատ քաղաքին մէջ Air India ընկերութեան օդանաւ ընկած էր բժշկական քոլեճի հանրակացարանի վրայ, որու հետեւանքով զոհուած էր օդանաւին մէջ գտնուող 242 հոգիէն 241-ը, եւս 19 մարդ զոհուած էր գետնի վրայ: