image

Պաղտատի մէջ. Նորաօծ Սրբազանի անդրանիկ եպիսկոպոսական պատարագը

Պաղտատի մէջ. Նորաօծ Սրբազանի անդրանիկ եպիսկոպոսական պատարագը

 Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական եպս. Կիւլկիւլեան օրերս Պաղտատի մէջ մատուցած է իր եպիսկոպոսական անդրանիկ պատարագը։

Այս մասին կը կարդանք թեմի դիմատետրեան պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական նորաօծ Եպս. Կիւլկիւլեան, եպիսկոպոսական իր անդրանիկ պատարագը մատուցանեց ու յաւուր պատշաճի քարոզեց Պաղտատի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի օր ամսոյս 22ի երեկոյեան ժամը 4:00ին: 

Այս հոգեպարար արարողութեան ներկայ էին Իրաքահայ Թեմի նախկին Առաջնորդը, Պապական դեսպանը, քոյր եւ այլ եկեղեցիներու Առաջնորդներ ու ներկայացուցիչներ, Պասրայի հայոց հոգեւոր հովիւը, Իսլամ կրօնականներ եւ մտաւորականներ, Իրաքի մօտ ՀՀ նորանշանակ Դեսպանը, Հիւպատոսը եւ Դեսպանութեան Խորհրդականը, Իրաքի Քրիստոնէից եւ այլ կրօններու Աւանդապահութեան պատասխանատուները, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետն ու անդամները, շրջաններէն ժամանած Թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներ, Միութենական հաստատութեանց վարչաութիւններ, հիւրեր եւ հոծ բազմութիւն: 

 

Յաւարտ Սբ. Պատարագին, Եկեղեցւոյ բակին մէջ գրական- գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը հրամցուեցաւ ներկաներուն: Ձեռնարկը՝ նուիրուած Առաջնորդ Սրբազան Հօր, նախաձեռնութիւնն էր Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան, ուր իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Պաղտատի հայ միութենական հաստատութիւնները, ազգային վարժարանն ու առաջնորդարանի աշխատակազմը:

 Այս առիթով պարոն Կարապետ Գալուստեանի կողմէ Սրբազան Հայրը ստացաւ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան սրտաբուխ նուէրը: 

Յետ յայտագրին, առաջնորդարանի դահլիճին մէջ եւ եկեղեցւոյ բակը ընթրիքով հիւրասիրուեցան բոլորը: 

 Կը կարեւորենք յիշել, որ Նորին սրբազնութիւնը ձեռամբ ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ ամենայն Հայոց Հայրապետի, Հոկտեմբերի 8ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածինի մէջ, իսկ յաջորդ օրը՝ Սբ. Գայիանէ վանքին մէջ մատուցած էր իր Ուխտի պատարագը: