image

Պաղտատի մէջ. Մահացած է Արշալոյս Խալաթեան-Աւետիսեանը. Հանգուցեալը Առաջնորդարանի երկարամեայ աշխատակից էր

Պաղտատի մէջ. Մահացած է Արշալոյս Խալաթեան-Աւետիսեանը. Հանգուցեալը Առաջնորդարանի երկարամեայ աշխատակից էր

 Օրերս   Պաղտատի մէջ մահացած է Արշալոյս Խալաթեան-Աւետիսեանը, որ Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանի երկարամեայ աշխատակիցներէն էր։

Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկացաւ Իրաքի թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ 

Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանը խոր վշտով կը գուժէ իր բազմամեայ և վաստակաշատ պաշտօնեայ` Տիկին Արշալոյս Խալաթեան- Աւետիսեանի մահը, որ պատահեցաւ Պաղտատի մէջ, յետ կարճատև հիւանդութեան։

Այս տխուր առիթով, Առաջնորդարանս իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալ Արշալոյսի ընտանեկան պարագաներուն և համայն հարազատներուն, աղօթելով որ Աստուած երկնքի Արքայութեան արժանի ընէ անոր հոգին:

Յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի Ուրբաթ, Յուլիսի 5ին ժամը 12։30 ին կէսօր։