image

Պաղեստինցի 6 քաղբանտարկեալներ խոյս տուած են «Ժարպուհ»ի բանտէն

  Պաղեստինցի     6 քաղբանտարկեալներ խոյս  տուած են «Ժարպուհ»ի  բանտէն

Արաբական աշխարհի թիւ մէկ   իրադարձութիւնը    Իսրայէլեան բանտէն 6 Պաղեստինցի    քաղբանտարկեալներու  փախուստի լուրն է։ 

 Պաղեստինցի քաղ.բանտարկեալներու  թեման նորութիւն մը չէ,  իսկ այն ինչ որ կատարուեցաւ   այսօր  արեգծագին  արաբ- իսրայէլեան  հակամարտութեան մէջ    կը համարուի  անկիւնադարձային։

 Քաղ.բանտարկեանլները, որ խոյս տուած են «Ժալպուհ»  բանտէն (որ կը համարուի    Իսրայէլի անվտանգութեան   համակարգի  ամէնէն   ուժեղ  եւ «ծանր»  բանտերէն մին- ի դէպ բանտը կը գտնուին  Պէյթ Շաան  շրջանին մէջ) եւ  իւրայատուկն այն է, որ անոնք  բանտէն   փախուստ տուած են   իրենց ձեռքերով  փորուած գետնուղիներու  ճամբով ...

  Եղած  դէպքը իր տարողութեամբ   թունդ  քննարկումի առարկայ  դարձած է  նաեւ  Իսրայէլեան շրջանականերուն մէջ եւ  օրինակի համար ըստ « Իսրայէլ  այսօր»  թերթի  մեկնաբանին եղածը, ոչ միայն    բանտէ փախուստ է, այլ նաեւ  ցոյց կու տայ, որ  Իսրայէլեան  բանտային համակարգը   հիմնապէս փլուզման  մէջ է ...» 

 Հարցում, ինչ պիտի ըլլայ  Իսրայէլեան   մարմիններու արձագանգը , եւ արդեօք    ռազմական նոր    «արկածախնդրութեան»  առջեւն ենք։ 

   Նիւթը կը տեղադրեմ,  ոչ  միայն   Պաղեստինեան խնդրի  զարգացումներուն իրազեկ դարձնելու համար, այլ նաեւ ըսելու, որ  այդ դատը, որ   մեզմէ  շատ-շատեր «ձեռ կ՚առնեն» ու կը ծաղրեն, տեսէք ինչքան  կենսաւիշ է ու դեռ  աննկուն։ 

 Դասեր կա՞ն   քաղելիք։

 Հարկաւ թէ կան։