image

Պաղեստինցի ազդեցիկ քաղաքական բանտարկեալին վիճակը մտահոգիչ

Պաղեստինցի ազդեցիկ  քաղաքական բանտարկեալին վիճակը մտահոգիչ

Պաղեստինցի բանտարկեալներու եւ ազատ արձակուածներու հարցերով վարչութիւնը Ռամլէի բանտային դարմանատան  ղեկավարութենէն պահանջած է հիւանդ բանտարկեալ Նասէր Ապու Համիտը անյապաղ տեղափոխել քաղաքացիական հիւանդանոց, նախօրէին զայն Պարզալա հիւանդանոցէն Ռամլէ տեղափոխելէ յետոյ:

Յանձնաժողովի փաստաբան Քարիմ Աժուա, որ այցելած է հիւանդանոց ու չէ կրցած հանդիպիլ գերի Ապու Համիտին, ըսած է. «Դիմում ներկայացուցի եւ թոյլտուութիւն ստացայ այցելելու Ապու Համիտին Ռամլէ բանտին մէջ, իմանալէ ետք զայն որ Պարզալա հիւանդանոցէն տեղափոխած են, սակայն չկրցայ տեսնել զայն, որովհետեւ անոր առողջական վիճակը թոյլ չտուաւ նոյնիսկ սայլակով դուրս գալ: Վարչակազմէն տեղեկացայ, որ Նասէրը չէ կրցած իջնել զիս դիմաւորելու` իրեն ուղեկցող շնչառական սարքի առկայութեան եւ առողջական վատ վիճակին պատճառով»:

Աժուա յաւելած է, որ Ասքելանի բանտին մէջ այցելած է նաեւ բանտարկեալ Ապու Համիտին եղբօրը, որ ըսած է, թէ բանտի ղեկավարութիւնը իրեն յայտնած է, որ Նասէրը «չի շարժեր ձեռքերն ու ոտքերը, եւ որ ան վերականգնողական եւ բնական բուժման շրջան կը բոլորէ»:

Յանձնաժողովը բանտարկեալի կեանքին համար լիովին պատասխանատու համարած է բանտի վարչակազմը, «քանի որ Պարզալայէն անոր տեղափոխումը զայն մահապատժի ենթարկելու պաշտօնական որոշում է, եւ եկած է անոր անյապաղ ազատ արձակման եւ սպանութեան աւարտի իսկական ժամանակը»:

Բանտարկեալին հաստատած է, որ «Նասէրը Ռամլէ բանտի դարմանատուն տեղափոխելու որոշումը կը թաքցնէ զայն սպաննելու մտադրութիւնը, յիշեցնելով, որ ան «կը տառապի առողջական ծանր վիճակէ եւ կարիք ունի անմիջական բուժման»։