image
Հրատապ լուրեր:

«Օրօրայի լուսաբացը» Ֆիլմին՝ մրցանակ

«Օրօրայի լուսաբացը» Ֆիլմին՝ մրցանակ

«Օրօրայի Լուսաբացը» ֆիլմը արժանացաւ «Լաւագոյն Շարժանկարային ֆիլմ» մրցանակին՝ Asia Pacific Screen Awards փառատօնին ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի շարժանկարի գործիչներու միութիւնը՝ շնորհաւորելով ֆիլմի բեմադրիչ Իննա Սահակեանը եւ ստեղծագործական կազմը:

Ըստ միութեան՝ ֆիլմը ընդգրկուած է Թալինի միջազգային փառատօնի մրցութային ծրագրին մէջ: Ֆիլմի Պալթեան անդրանիկ ներկայացումը պիտի կատարուի «Ա» կարգի փառատօնին, որ նշանակալի ձեռքբերում մըն է:

Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող «Օրօրայի Լուսաբացը» ֆիլմը Հայաստանի շարժանկարի Ազգային կեդրոնի՝ պետական եւ եւրոպական շարժանկարի մեծագոյն հիմնադրամի՝ ԵՒՐԻՄԱԺի (Հայաստանը իբրեւ մեծամասնական համարտադրող) նիւթական աջակցութեամբ արտադրուած է։

 

Աղբիւրը՝ «Ասպարէզ»