Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի յաջորդ շաբաթ Փեքին կատարելիք այցը յետաձգուած է:
Այս մասին յայտնած է «Ազատութիւն»ը։
Պետական քարտուղարի որոշումը կապուած է Միացեալ Նահանգներու օդային տարածքին մէջ յայտնուած չինական, ենթադրաբար, լրտեսական օդապարիկի հետ:
Պլինքըն պէտք է Փեքին մեկնէր փետրուար 5-էն 6-ը: Ուաշինկթընէն ստացուած հաղորդագրութեան համաձայն, ամերիկեան կողմը չէ ուցած մեծ աղմուկ բարձրացնել այդ օդապարիկի պատմութենէն: Միաժամանակ, ամերիկացիները չեն ուզած, որ օդապարիկի հարցը հանդիպումներու ընթացքին դառնայ քննարկումներու գլխաւոր թեմայ: