image

Ազգային ժողովի յանձնաժողովը 2 ամիսով յետաձգեց «ՀայաՔուէ» նախագիծի քննարկումը

Ազգային ժողովի յանձնաժողովը 2 ամիսով յետաձգեց «ՀայաՔուէ» նախագիծի քննարկումը

ՀՀ ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Վլատմիր Վարդանեանը 2 ամիսով յետաձգեց «ՀայաՔուէ» նախագիծի քննարկումը։

Նախագիծը լրամշակելու առաջարկով հանդէս եկած է ՀՀ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեանը`հաշուի առնելով «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան պատգամաւորներու մեծամասնութիւնը, որոնք կը պատրաստուէին դէմ քուէարկելու։

«ՀայաՔուէ» նախաձեռնութիւնը օրէնքի նախագիծը հոկտեմբեր 11-ին յանձնած է Ազգային ժողով։ Այն պէտք է ընդունուի պատգամաւորներու ձայներու մեծամասնութեամբ:

Յիշեցնենք` «ՀայաՔուէ» նախաձեռնութեան օրէնքի նախագիծը խիստ պատիժ կը նախատեսէ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշումէն հրաժարելու եւ Հայոց ցեղասպանութեան նշանակութիւնը նսեմացնելու համար: