Մենք առանձին՝ մէկ կաթիլ ենք, միասին՝ ովկիանոս ենք: Այս մասին Twitter-ի իր էջին գրած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչը՝ իր էջին տարածելով Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանի գրառումն առ այն, որ հայ փրկարարներու խումբը երկրաշարժէն տուժած եւս երկու կին փրկած են:
«Սա այն օրն է, երբ բոլորս մէկ կողմ դրած ենք էթնիկ պատկանելութիւնը, ազգութիւնը, կրօնը եւ կը ցուցաբերենք մարդասիրութեան եւ մարդկային համերաշխութեան ամենաբարձր մակարդակը՝ որպէս նոյն Աստուծոյ զաւակներ։ Աստուած օրհնէ բոլորդ», - գրած է Քըլըչը։