image

Այսօր Ատրպէյճանի տարածքով Հայաստան պիտի ուղարկուին հացահատիկ եւ պարարտանիւթ

Այսօր Ատրպէյճանի տարածքով Հայաստան պիտի ուղարկուին հացահատիկ եւ պարարտանիւթ

Այսօր Ատրպէյճանի տարածքով Հայաստան պիտի ուղարկուին հացահատիկ եւ պարարտանիւթ։ Այս մասին կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Ատրպէյճանի տարածքով Հայաստան ուղարկուած է հացահատիկի 4 վակոն՝ ընդհանուր 279 թոն կշիռքով, ինչպէս նաեւ պարարտանիւթի 3 վակոն՝ 203 թոն կշիռքով, կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Կը նշուի, որ բեռը պիտի ուղարկուի Պիլաճարի կայարանէն։

Յիշեցնենք, որ հացահատիկի նախորդ խմբաքանակը Հայաստան ուղարկուած էր Ապրիլ 24-ին եւ կը բաղկացած է 5 վակոնէ։