Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ Աունի յատուկ կարգադրութեամբ եւ ԱՄՆ-ի մէջ Լիբանանի դեսպանին ձեռամբ՝ լիբանանահայ իմ հայրենակից Նուպար Աֆէյեան այս շաբաթ պարգեւատրուեցաւ եւ ստացաւ Լիբանանի հանրապետութեան բարձրագոյն մետայլներէն մին։ Կը նշուի նաեւ, որ Աֆէյեան այս պարգեւատրման կ՚արժանանայ «Քորոնա»ի դէմ անոր ղեկավարած «Մոտէրնա» ընկերութեան տարած ճիգերուն եւ պատրաստած պատուաստին համար։ Ի դէպ նոյն «Մոտէրնա»ի մէջ կը գործեն նաեւ այլ հինգ լիբանանցի արմատներ ունեցող Ամերիկայի քաղաքացիներ, որոնք նոյնպէս պիտի պարգեւատրուին։ Նուպար Աֆէյեանի նման հայրենակիցներ, հպարտութիւն կ՚առթեն եւ աւելի լաւ ապագայի մը յոյսը կու տան մեզի։
Շնորհակալութիւն Լիբանանին, որ գիտէ իր արժանի զաւակները պարգեւատրել։ #Lebanon