image

Երեւան. Գերշ. Տ. Շահան արք. ՀՀ նախագահին փոխանցեց Արամ Ա. Վեհափառի ողջոյններն ու օրհնութիւնը

 Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ կապերու ամրապնդման, երիտասարդ սերունդի հոգեւոր ու ազգային դաստիարակութեան, ինչպէս նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործունէութեան առնչուող հարցեր։ Քննարկուեցան համահայկական միասնութիւնը զօրացնող նախաձեռնութիւններու շարունակականութեան ապահովման ուղիներ։

Արքեպիսկոպոս Սարգիսեան փոխանցեց Արամ Ա. Կաթողիկոսի հաւատքն ու ակնկալութիւնը, թէ մեր կեանքին մէջ նկատուող մտահոգիչ երեւոյթները՝ Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ բարիքի առաջնորդութեամբ, պիտի գտնեն իրենց դրական լուծումը՝ ի նպաստ մեր ժողովուրդի միասնութեան, խաղաղութեան եւ բարգաւաճման։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահականի էջէն կը կարդանք՝ 

 Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ընդունեց Շահան արք. Սարգիսեանը։

Արքեպիսկոպոս Սարգիսեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.-ի անունով, նախագահ Խաչատուրեանին յանձնեց Արամ Ա.-ի գահակալութեան 30-ամեակին նուիրուած յուշագրական հատորը՝ փոխանցելով միաժամանակ Վեհափառ Հայրապետի ջերմ ողջոյնն ու օրհնութիւնը։

Նախագահ Խաչատուրեան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց թանկագին նուէրի համար՝ ընդգծելով, որ իրեն համար մեծ պատիւ է այն ընդունել։ Ան բարձր գնահատեց Արամ Ա. Կաթողիկոսի հոգեւոր եւ ազգային գործունէութիւնը՝ շեշտելով անոր անշահախնդիր նուիրումը համահայկական միասնութեան եւ մեր ժողովուրդի արժեհամակարգի պահպանումին։ Նախագահը իր կարգին խնդրեց իր ջերմ ողջոյնն ու բարեմաղթանքները փոխանցել Վեհափառ Հայրապետին։