Հովուական այցելութեամբ Կիպրոս այցելող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այսօր ընդունուած է Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ։
Ուշագրաւ է, որ նախագահին հետ հանդիպման Վեհափառ Հայրապետի պատուիրակութեան կողքին անոր ընկերացած է Կիպրոսի Խորհրդարանին մէջ հայկական համայնքի պետական ներկայացուցիչ՝ Տիար Վարդգէս Մահտեսեան։
Ստորեւ կը ներկայացնենք այցին մասին Կիպրոսի Ազգային Առաջնորդարանի հրապարակուած հակիրճ լրատւութիւնը՝
Այսօր, 8 Դեկտեմբեր 2025, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, հանդիպում մը ունեցաւ Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահ Նիկոս Խրիստոտուլիտիսին հետ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։
Այցելութեան աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։


