image

Նուիրեալ կուսակցական եւ ազնուական հայորդի. Ներսէս Ներսէսեանի մահը Ամմանի մէջ

  Նուիրեալ կուսակցական եւ ազնուական հայորդի. Ներսէս Ներսէսեանի մահը Ամմանի մէջ

Ամմանէն տխուր լուր ստացանք. Մահացած է Յորդանանի հայկական համայնքին մէջ յարգուած անուն հանդիսացող՝ Ներսէս Ներսէսեանը։

 Նշենք, որ մեր հայրենակիցը երկար տարիներով եղած է ՌԱԿ նուիրեալ անդամներէն ու այդ առումով ալ ստանձնած պատասխանատու բազմաթիւ պաշտօններ։

   Իր  սիրելի կեանքի ընկեր Տիկին Հելէնին  հետ ամուսնանալով կազմած է հայկական շունչով ապրող օճախ եւ եղած է հայր երկու զաւակներու ՝ Վարդան եւ Մարալ, որոնք յար եւ նման իրենց հանգուցեալ հօր կը շարունակել իրենց ծառայութիւնը բերել համայնքային տարբեր գործունէութիւններու առընթեր։

 Շրջապատին կողմէ յարգուած ընկ. Ներսէսի համար ամենակարեւոր առանցքը եղած է Հայաստանի հայրենիքի ծով կարիքներուն հասնելու նուիրականութիւնը, որ անհատական կենցաղի ամէնօրեայ պայքարներէն անդին եղած է ուղենիշ եւ կեանքի իսկական օրինակ։

 Զինք ճանչցողները, իր հետ տարբեր առումներով միութենական գործ տարած իր ընկերներն ու բարեկամները դեռ երկար պիտի յիշեն իր զինք, որ բոլոր առումներով եւ շնորհիւ պարտաճանաչ մօտեցումներու դարձած է գաղութի սիրելի աւագներէն մին։

 

 Այս առթիւ «Արեւելք» իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն, եւ մասնաւորապէս ընտանիքի անդամներուն։