Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն ատեանը 24 Յունիսին վճռած , թէ վիժումի իրաւունքը սահմանադրութեամբ պահպանուած չէ, տարրական այդ իրաւունքը խլելով միլիոնաւոր այն կիներէն, որոնց նահանգներուն մէջ վիժումը արգիլուած է կամ արգիլուելու վրայ է։ Կարգ մը նահանգներու մէջ վիժումը արգիլուած է նոյնիսկ բռնաբարուած կանանց պարագային։
Նոյն ատեանը մէկ օր առաջ նաեւ անտեսած էր զէնքի առուծախը եւ զէնք կրելու իրաւունքը սահմանափակելու գծով ժողովուրդի մեծամասնութեան կամքը, ապօրինի համարելով գաղտնօրէն եւ առանց արտօնագիրի զէնք կրելը սահմանափակող Նիւ Եորք նահանգի մէկ օրէնքը։
Յետադիմական այս որոշումներուն գլխաւոր մղիչ ուժն են նախորդ նախագահ Տանըլտ Թրամփի նշանակած պահպանողական երեք դատաւորները։