image

Նոր Քալետոնիա անունով երկիր հիմնուեցաւ

Նոր Քալետոնիա անունով երկիր հիմնուեցաւ

Փարիզի Պուժիուալ արուարձանին մէջ Նոր Քալետոնիա պետութեան ստեղծման մասին համաձայնագիր կնքուած է:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը համաձայնագիրը որակած է «պատմական»։ Անոր խօսքով՝ Նոր Քալետոնիոյ ընտրուած ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ բանակցութիւնները տեւած են 10 օր:

Ֆրանսայի վարչապետ Ֆրանսուա Պայրոն եւս ողջունած է «իւրայատուկ կազմաւորման» ստեղծման մասին համաձայնագիրը՝ նշելով, որ այդ կ'ամրագրուի Ֆրանսայի Սահմանադրութեան մէջ:

Լրատուամիջոցներուն տուեալով՝ փաստաթուղթը կը նախատեսէ նոր պետութեան ստեղծում, որ մասամբ կախեալ պիտի ըլլայ Ֆրանսայէն։ Կ'ենթադրուի, որ Նոր Քալետոնիոյ բնակիչները ստանան առանձին քաղաքացիութիւն եւ կարողանան ունենալ երկու անձնագիր: Բացի անկէ՝ նոր պետութեան կրնան փոխանցուիլ սեփական միջազգային քաղաքականութիւն վարելու լիազօրութիւններ:

Նշենք, որ անցեալ տարի Նոր Քալետոնիոյ մէջ անկարգութիւններ տեղի ունեցած էին, երբ Ֆրանսայի խորհրդարանը կղզիին մէջ տեղական օրէնսդիր ժողովի ընտրութիւններու ընթացակարգը փոխելու մասին օրէնք ընդունած էր։ Ֆրանսայի կառավարութիւնը արտակարգ դրութիւն յայտարարած էր եւ զինուորականներ ուղարկած Նոր Քալետոնիա:

Նոր Քալետոնիոյ շուրջ թէժացած էին Փարիզի եւ Պաքուի յարաբերութիւնները: Ֆրանսան մեղադրած էր Ատրպէյճանը Նոր Քալետոնիոյ ներքին գործերուն միջամտելու եւ խաղաղ ովկիանոսեան կղզիին մէջ անկարգութիւններ հրահրելու համար։