image

Նիւթական աջակցութիւն՝ Ռուս խաղաղապահներուն

Նիւթական աջակցութիւն՝ Ռուս խաղաղապահներուն

 

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահները երկու աշխատավարձի չափով աջակցութիւն պիտի ստանան: Այս մասին, ՌԻԱ Նովոստիի հաղորդմամբ, յայտարարած է ՌԴ պաշտպանութեան փոխնախարար Թաթիանա Շեւցովան:

 

«Ինչպէս նաեւ նախատեսուած են լրացուցիչ վճարումներ անձնակազմին, որ կը մասնակցի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահ գործունէութեան: Անոնք աջացութիւն պիտի ստանան երկու աշխատավարձի չափով»,-ըսած է ան:

Փոխնախարարը պարզաբանած է, որ խաղաղապահ անձնակազմի ֆինանսաւորումը պիտի իրականացուի պիւտճէթային միջոցներու յաւելեալ յատկացումներու հաշուոյն, նման որոշում ընդունուած է կառավարութեան կողմէ: