image

Նիւ Եորք. Տեղի ունեցած է աւանդական Խաղողօրհնէքի արարողութիւն

Նիւ Եորք. Տեղի ունեցած է աւանդական Խաղողօրհնէքի արարողութիւն

Հրամանաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանին օրերս նշուած է Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման Տօնը եւ այդ առթիւ տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի  շնորհաբաշխ արարողութիւն

«Արեւելք» այդ մասին իմացաւ համացանցէն։

Ստորեւ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝ 

Կիրակի, 17 Օգոստոսին, Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ Սուրբ Աստուածամօր Վերափոխման Տօնին առիթով:

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական խաղողօրհնէքը: Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհնյ. Լագիսեան ներկայ հաւատացեալներուն անունով յատուկ աղօթք բարձրացուց առ Սուրբ Կոյսն Մարիամ, որ բարեխօսէ իր Միածին Որդւոյն քով. «Ո՛վ Սուրբ Տիրամայր, բոլորս ուխտի եկած՝ կ՚աղաչենք, կը խնդրենք, որ բարեխօսես Միածին Որդիիդ, որպէսզի լռեն աշխարհի պատերազմները, դադրին բարբարոսական եւ թշնամական բոլոր արարքները, երկրի վրայ արդարութիւն, սէր եւ խաղաղութիւն հաստատուի»: