image

Նինա Խաչիկեան նշանակուեցաւ «Բենթակոն»ի քաղաքականութեան խորհուրդի անդամ

Նինա Խաչիկեան  նշանակուեցաւ  «Բենթակոն»ի  քաղաքականութեան խորհուրդի անդամ

Լոս Անճելըսի քաղաքապետի միջազգային հարցերով առաջին տեղակալ Նինա Խաչիկեան (Hachigian) նշանակուած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան Քաղաքականութեան խորհուրդի անդամ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայկական համագումարը (ԱՀՀ)՝ յատուկ ընդգծելով, որ խորհուրդին մէջ ընդգրկուած են այնպիսի հեղինակաւոր գործիչներ, ինչպիսիք են ԱՄՆ-ի նախկին պետական քարտուղարներ՝ Մատլէն Օլպրայթ եւ Հենրի Քիսինճըր։

Դիւանագէտ եւ քաղաքական գործիչ՝ Խաչիկեան աւելի վաղ եղած է Հարաւարեւելեան Ասիոյ պետութիւններու ընկերակցութեան մօտ (ASEAN) Միացեալ Նահանգներու դեսպանը, իր ծառայութեան համար արժանացած է Պետական բաժանմունքի Պատւոյ բարձրագոյն մրցանակին։ Ան 2012-ի նախագահական ընտրարշաւին Պարաք Օպամայի կազմին մէջ Ասիական քաղաքականութեան գծով համատնօրէնն էր, 1998-99 թուականներուն՝ Պիլ Քլինթընի նախագահութեան օրօք, ընդգրկուած էր Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի աշխատակազմին մէջ, աշխատած է հետազօտական կեդրոններ, գիրքերու, զեկոյցներու եւ յօդուածներու հեղինակ է։ Խաչիկեան նաեւ Ամերիկային ծառայող կին դեսպաններու ընկերակցութեան հիմնադիրն է, ուր ընդգրկուած են աւելի քան 200 գործող եւ նախկին դեսպաններ, շարք մը այլ կազմակերպութիւններու համահիմնադիր, խորհուրդներու անդամ, նշած է Ամերիկայի հայկական լոպպիստական կառոյցը։

«Համագումարը կը շնորհաւորէ դեսպան Խաչիկեանը այս հեղինակաւոր նշանակման առիթով։ Հաշուի առնելով դեսպանի տասնամեակներու փորձառութիւնը եւ խոր գիտելիքները՝ կասկած չունինք, որ ան գերազանց կը կատարէ իր ծառայութիւնը», - յայտարարած են ԱՀՀ-ի համանախագահներ՝ Էնթընի Պարսամեան եւ Վան Գրիգորեան։