image

Նիկոսիոյ մէջ. ՌԱԿ պատուիրակութիւն մը այցելած է Ազգային Առաջնորդարան

  Նիկոսիոյ մէջ. ՌԱԿ  պատուիրակութիւն մը  այցելած է Ազգային Առաջնորդարան

ՌԱԿ  Պատուիրակութիւն մը  օրերս այցելութիւն տուած է Կիպրոսի  Հայոց Թեմի  Կաթողիկոսական փոխանորդ՝  Գերշ.  Տ.  Խորէն  արք. Տողրամաճեանին։

 Այս մասին «Արեւելք»  իմացաւ     Առաջնորդարանի  դիմատետրեան էջէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

 

 Երկուշաբթի, 11 Սեպտեմբեր 2023-ի կէսօրին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեց Կիպրոսի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորընտիր Վարչութեան կազմէն պատուիրակութիւն մը եւ հանդիպում ունեցաւ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի հետ: Պաշտօնական խօսքերէ եւ շնորհաւորութիւններէ ետք խօսք առին Ատենապետ՝ Պրն. Եղիա Գայայեանն ու անդամ՝ Պրն. Ասատուր Տէօվլէթեանը:

Հանդիպման ընթացքին, առ հասարակ արծարծուեցան Կիպրահայ գաղութը յուզող հարցեր, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Անթիլիասի մէջ Լիբանանահայ հոգեւոր եւ երեք կուսակցութեանց պետերու հանդիպման ու Արցախի շրջափակման: Երկուստէք տեսակէտներ փոխանակեցին եւ պատրաստակամութիւն ամէն կերպով սատարելու Արցախին եւ գաղութային աշխատանքներուն:

Սրբազան Հայրը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց հանդիպման համար եւ մասնաւոր գնահատանքն ու քաջալերանքը փոխանցեց բոլորին: