image

Նիկոսիա. Բացումը կատարուեցաւ հայ-կիպրական բարեկամութեան յուշարձանին

Նիկոսիա. Բացումը կատարուեցաւ հայ-կիպրական բարեկամութեան յուշարձանին

Չորեքշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2021-ին Նիկոսիոյ Արմենիաս փողոցի վրայ բացումը կատարուեցաւ Կիպրոս-Հայկական Բարեկամութեան Պուրակին, որու մէջ զետեղուած յուշակոթողի բացումը կատարեց Խորհրդարանի նախագահ Անիթա Տիմիթրիու։

Կիպրահայ համայնքի անդամներէ եւ կիպրական կառավարութիւնը եւ պետութիւնը ներկայացնող բարձրաստիճան պաշտօնակատարներէ բաղկացած հոծ բազմութեան ներկայութեան տեղի ունեցաւ բացման արարողութիւնը։ Սթրովոլոսի Քաղաքապետարանի եւ Կիպրոսի Եւրոպական Համալսարանի ֆանֆառին կողմէ՝ Կիպրոսի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու ազգային քայլերգներու հնչումէն ետք, յաջորդաբար ելոյթ ունեցան, աղօթքով եւ խօսքով, Կիպրոսի Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պետ Խրիսոստոմոս Բ. Արքեպիսկպոսի ներկայացուցիչը, Կիպրահայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Տէր Խորէն Արքեպիսկոպոս Տողրամաճեան, Սթրովոլոսի Քաղաքապետ Անտրէաս Պապախարալամպուս, Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, երկու երգերով՝ Սուրբ Աստուածածին երգչախումբը, երկու պարերով՝ Համազգայինի Սիփան պարախումբը, Հայաստանի Հանրապետութեան Կիպրոսի մօտ նորանշանակ դեսպան Տիգրան Մկրտիչեան եւ ձեռնարկը հովանաւորող՝ Հանրապետութեան նախագահ Նիկոս Անաստասիատը փոխարինող՝ Խորհրդարանի նախագահ Անիթա Տիմիթրիու, որ ձեռնարկի աւարտին, Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի եւ Սթրովոլոսի Քաղաքապետ Անտրէաս Պապախարալամպուսի ընկերակցութեամբ կատարեց յուշակոթողի բացումը։ Յաջորդեց ընդունելութիւն։