image

Փաշինեան վաճառած է Երեւանի «Հայրենիք» շրջանի իր բնակարան

Փաշինեան վաճառած է Երեւանի  «Հայրենիք» շրջանի իր բնակարան

Փաշինեանի բնակարանը վաճառուած է։ Այս մասին Factor.am-ին յայտնի դարձած է այդ բնակարանին մէջ, ուր այսօր վարչապետի որդին կազմակերպած էր իր հեղինակած նկարներու ցուցադրութիւնը։

Թէ ով է գնորդը եւ որքանով բնակարանը վաճառուած է՝ Աշոտ Փաշինեանը չէ բացայայտած՝ նշելով, որ այդ գնորդի համար անձնական տեղեկութիւն կը համարուի։

Փաշինեաններու բնակարանը կը գտնուի Շէնգաւիթ վարչական շրջանի Գարեգին Նժդեհի փողոցի՝ «Հայրենիք» կոչուող տարածքին մէջ։

Բնակարանի վաճառքի մասին մինչ այս խօսած էր նաեւ Նիկոլ Փաշինյանը։ Ան իր ասուլիսներէն մէկուն ըսած էր․ «Անկեղծ պէտք է ասեմ՝ 1 տարի է՝ իմ տունն ուզում եմ վաճառել, որ հնարաւոր է՝ ես էլ բնակարան ձեռք բերեմ, չեմ կարողանում իմ ուզած գնով վաճառել»,- նշած էր ան: