image

New York Times. 7 Հոկտեմբերի յարձակումը զէրոյի հաւասարեցուց Նաթանիահուի ժառանգութիւնը

New York Times. 7 Հոկտեմբերի յարձակումը  զէրոյի հաւասարեցուց  Նաթանիահուի ժառանգութիւնը

The New York Times  խօսած է Նաթանիահուի կողմէ Կազայի դէմ պատերազմը իշխանութիւնը պահպանելու համար շահագործելու մասին՝ ընդգծելով, որ հոկտեմբեր 7-ը ոչնչացուց  անոր ժառանգութիւնը, որու իշխանութենէն հեռացումը չի ​​կրնար ընդմիշտ յետաձգուիլ։

Լուրը համադրեց՝  «Արեւելք»ը. Հիմնական աղբիւր «Ալ Մայատին» 

Ամերիկեան The New York Times թերթը գրած է, որ «Իսրայէլի ապագայի շուրջ պայքարը դարձեալ պիտի սկսի»՝ Կազայի հատուածին մէջ իսրայէլեան բնաջնջման պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք, նշելով, որ այդ մասին «լաւ գիտեն» Իսրայէլի կառավարութեան վարչապետը եւ անոր աջակողմեան դաշինքի գործընկերները։

Անդրադառնալով Նաթանիահուի կողմէ Կազայի դէմ պատերազմը իշխանութիւնը պահպանելու համար շահագործելուն, թերթը ենթադրած է, որ Նաթանիահի եւ անոր գործընկերներու գիտակցումը, թէ ինչ պիտի յաջորդէ պատերազմին, որոշակիօրէն պատճառ կը համարուի, որպէսզի անոնք նշանակէտ դարձնեն  «ամբողջական յաղթանակ»ի հասնելու անիրագործելի նպատակը։

Պարբերականը կը հաստատէ, որ «Համաս»ի մօտ գտնուող գերիներու գործարքին դիմաց արգելքներ դնելու Նաթանիահու մօտեցումը կը բացատրուի նոյնկերպ եւ այն կապ ունի Կազայի պատերազմի աւրտէն ետք «սպասուած» վիճակի մտավախութիւններուն հետ։ 

Այս պարունակին մէջ New York Times-ը բացատրած է, որ Կազայի դէմ պատերազմը «սառեցուց Իսրայէլի պառակտուած քաղաքական համակարգը», որուն ականտեսն էինք պատերազմին նախորդող ամիսներուն, եւ այդ աննախադէպ պառակտման պատճառն էր դատական ​​փոփոխութիւնները, որոնք Նաթանիահուն կը յամառէր ընդունիլ: Այդ  լոյսին տակ նոյնիսկ նախազգուշացումներ կ՚ըլլային «Քաղաքացիական պատերազմ» ի բռնկման մասին. եւ այդ բոլոր կատաղի վէճերը եւ քննարկումները առկախուեցան պատերազմի մեկնարկումով։

Նոյն ծիրէն ներս թերթը աւելցուցած է. «Պէնի Կանցին (Իսրայէլի  պատերազմի նախարար Խմբ.՝ «Արեւելք») եւ անոր կուսակցութեան թոյլ չտրուեցաւ լքել կառավարութիւնը, մինչդեռ Նաթանիահուն կրցաւ խուսափիլ ընտրութիւններու նոր փուլէն», աւելցնելով, որ Նաթանիահուի քաղաքական ապագան մռայլ կը թուէր անցած հոկտեմբեր 7-ին յաջորդող շաբաթներուն, քանի որ պաղեստինեան դիմադրութեան յարձակումը իսրայէլեան բնակավայրերու վրայ «ոչնչացուց» Իսրայէլի վարչապետի ժառանգութիւնը, որ կը պարծենար,  թէ  իշխանութեան ղեկին  իր անցուցած տասնհինգ տարիները «ամենաապահովը եղած են Իսրայէլի համար»։

Պարբերականը շարունակած է, որ Նաթանիահու, որ ինքզինք բնութագրած է որպէս «անվտանգութեան պետ» եւ ըսած, որ յոյս ունի, որ մարդիկ կը յիշեն  զինք որպէս «Իսրայէլի պաշտպան», այժմ պատասխանատու է «Իսրայէլի պատմութեան մէջ ամենաարիւնալի օրուան համար», եզրակացնելով,  որ «չկարգաւորուած հիմնարար քննարկումները, թէ ով պիտի փոխարինէ զինք, չեն կրնար ընդմիշտ յետաձգուիլ»:

Յատկանշական է, որ նոյն պարունակին մէջ Իսրայէլի նախկին վարչապետ Էհուտ Պարաք, խօսած էր  ընդգծելով, որ Նաթանիահուի կատարողականութեան աստիճանկան վատթարացումը իշխանութիւնը ստանձնելէ ետք՝ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի, ընտրական փուլերու, դատական ​​փոփոխութիւններու եւ պատերազմի ժամանակ, «կորսնցուց անոր հաւասարակշռութիւնը, եւ ան չարաչար ձախողեցաւ ե՛ւ կառավարութեան՛ ե՛ւ պատերազմի կառավարման մէջ»:

Ի պատասխան անոնց, որոնք կ՚աջակցին Նաթանիահուի կառավարութեան, որպէսզի ան աւարտէ իր շրջանը, Պարաք բացատրած է, որ «հանգամանքը սովորական չէ, եւ որ ներկայ պատերազմը, որ պատահած ամենավտանգաւոր իրադարձութիւնը կը նկատուի Իսրայէլի հիմնադրումէն ի վեր, եւ որ հաւանաբար կրնայ վերածուիլ տարածաշրջանային պատերազմի, ուղեկցուած է աննախադէպ քաղաքական, կատարողական եւ մարդկային ցնցումներով, եւ անոր նախորդած է Իսրայէլի ինքնութեան շուրջ բուռն պայքարը»։

Ան նաեւ ընդգծած է, որ անյապաղ ընտրութիւններու պահանջը նպատակ չունի պատժել հոկտեմբեր 7-ի ձախողումներու եւ պատերազմի ամիսներու ընթացքին ձախողած ռազմավարական կառավարման համար պատասխանատուները, «այլ այն ապագայի պահանջ է»՝ ընդգծելով, որ Իսրայէլին կը սպասէ  շատ աւելի բարդ մարտական ​​փորձութիւններ, քան երբեւէ  եղած է,  շատ բարդ բանակցութիւններ եւ բարդ դիւանագիտութիւն, անոր կը սպասէ իր թշնամիները զսպող ուժը եւ մարտական ​​հզօրութիւնը վերականգնելու մարտահրաւէրներ, որոնք «ներկայիս ղեկավարութիւնը չի կրնար ընել, քանի որ, ան արդէն ձախողած է»։