3 Յունուարին, Նենսի Փելոսին վերընտրուած է ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ, եւ նոր կազմով Գոնկրէսը սկսած է իր աշխատանքը քաղաքական անորոշութեան ֆոնին, կը հաղորդէ Reuters-ը:
Ծերակուտականին մէջ կուսակցական վերահսկողութիւնը դեռեւս չէ որոշուած, եւ հանրապետականները որոշած են պայքարիլ նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներուն դէմ:
Փելոսիի օգտին քուէարկած է Ներկայացուցիչներու պալատի 2016 անդամներէն 209-ը: Ընդ որում՝ Դեմոկրատական կուսակցութեան հինգ անդամները որոշած են չքուէարկել Փելոսիի օգտին:
«Այսօր, երբ մենք պատրաստ ենք երդմնակալութեան, մենք կը ստանձնենք նոյնչափ ծանր պատասխանատւութիւն, որու հետ բախում ունեցած ենք ղեկավարներու նախորդ սերունդներուն ժամանակ: Մենք կը գումարենք նոր Գոնկրէսը արտասովոր դժուարութիւններու ժամանակաշրջանի մը մէջ»,-ըսած է Փելոսին իր ելոյթի ընթացքին՝ յիշեցնելով նաեւ «Քորոնա» ժահրի պատճառով աւելի քան 35 000 ամերիկացիներու մահուան մասին:
«Այժմ մեր պետութեան ապաքինուելու ժամանակն է: Մեր առաջնային խնդիրը դեռեւս «Քորոնա» ժահրը յաղթահարելն է: Եւ մենք կը յաղթենք»,-աւելցուցած է ան, խոստանալով շարունակել 892 միլիառ տոլար փաթեթի օգնութիւնը, որ Գոնկրէսը հաստատած է դեկտեմբերին: