image

ՆԱԹՕ-ն Մտահոգ է Արցախի մէջ գրանցուած սրացումով

ՆԱԹՕ-ն Մտահոգ է Արցախի մէջ գրանցուած սրացումով

Կովկասի ու Կեդրոնական Ասիոյ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Խավիեր Քոլոմինան անդրադարձած է ատրպէյճանական զինուժի կողմէ Արցախի մէջ ոստիկանական մեքենայի գնդակոծման եւ մարդոց մահուան փաստին:

Ան թուիթըրեան իր պաշտօնական էջին գրած է.

«Շատ մտահոգուած եմ Ստեփանակերտի շրջակայքին մէջ մահացու միջադէպի մասին հաղորդումներով: Այս դէպքը ցոյց կու տայ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ չլուծուած հարցերու համար լուծումներ գտնելու հրատապութիւնը։ ՆԱԹՕ-ն կ'աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման»: