image

«Նեթանիահուն դաւաճան է». Տանըլտ Թրամփէն մեղադրանք

«Նեթանիահուն դաւաճան է». Տանըլտ Թրամփէն մեղադրանք

ԱՄՆ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Իսրայէլի նախկին վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն մտերիմ քաղաքական դաշնակիցներ եղած են Թրամփի պաշտոնավարման 4 տարուայ ընթացքին, յամենայն դէպս հանրութեան առաջ:

Սակայն վերջերս Թրամփը հայհոյած է Նեթանիահուին՝ անոր մասին խօսած ժամանակ եւ դաւաճան անուանած է զայն: 

«Ես անոր հետ չեմ խօսած այն ժամանակուընէ», ըսած է Թրամփը՝ հայհոյելով Նեթանիահուին: Ըստ ամերիկացի գործիչին՝ իր համբերութեան բաժակը լեցուած է, երբ Նեթանիահուն առաջինը շնորհաւորած է Պայտընը նախագահական ընտրութիւններուն յաղթելու առթիւ:  

«Առաջին մարդը, որ շնորհաւորած է Պայտընը Պիպի Նեթանիահուն էր. մարդ, որու համար ես աւելին ըրած եմ, քան մէկ ուրիշին... Պիպին կրնար լուռ մնալ: Ան սարսափելի սխալ ըրած է», ըսած է Թրամփ: