image

Նաթանիահուի կառավարութիւնը պիտի «լուծարուի՞»

 Նաթանիահուի  կառավարութիւնը պիտի  «լուծարուի՞»

Իսրայէլեան լրատուամիջոցները կը յայտնեն, որ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն կը սերտէ «պատերազմի փոքրացուած կառավարութիւն»ը («ռազմական քապինեթ») չեղարկելու հնարաւորութիւնը։

 

Լուրը համարդեց՝ «Արեւելք»ը. Հիմնական աղբիւր՝ «Ալ Մայատին»՝։ 

 

Իսրայէլեան լրատուամիջոցները, պարզած են, որ Իսրայէլի կառավարութեան վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն կը սերտէ «պատերազմի քապինեթ»ը չեղարկելու հնարաւորութիւնը եւ որոշումներու ընդունման իրաւունքը հասցէագրելու կառավարութեան ընդլայնուած կազմին։

Մինչ այդ «Նոր յոյս» կուսակցութեան առաջնորդ Ճէտհուն Սաարը պահանջած է  մաս կազմել«պատերազմի քապինեթ»ին, յայտարարելով Պենի Կանցի գլխաւորած «Կապոյտ եւ սպիտակ» կուսակցութեան հետ համագործակցութիւնը աւարտելու որոշումը։

Սաարի պահանջներէն ետք, Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Կավիրի մօտ կանգնած աղբիւրները յայտնած են, որ եթէ Նաթանիահուն արձագանգէ «պատերազմի քապինեթին» միանալու Սաարի խնդրանքին, ապա Պեն Կավիր նոյնպէս պիտի պահանջէ միանալ անոր՝ «փոխելու համար պատերազմական գրասենեակի հայեցակարգը եւ առաջնորդելու վճռական ջանքերը»։

Իր հերթին, «պատերազմի քապինեթ»ի անդամ, Իսրայէլի պատերազմի   նախարար  Պենի Կանց յայտարարած է, որ դէմ է Սաարի՝  զինք  «քապինեթ»ի ն  մէջ  ընդգրկելու առաջարկին՝ անոր պահանջը բնութագրելով որպէս ենթակայական եւ պետութեան շահերուն չառնչուող։

Ինչ կը վերաբերի «պատերազմի քապինեթ»էն ներս  առկայ վէճերուն, ամերիկեան «The Wall Street Journal» թերթը նշած է, որ լարուածութիւնը կ՚աճի Իսրայէլի «պատերազմի փոքրացուած կառավարութեան» գրասենակին  մէջ, որովհետեւ անոր երեք անդամները (Հերցի Հալեւի, Պենի Կանց եւ Կատի Այզընքոթ) կը մրցին քաղաքական ազդեցութեան համար, եւ անոնք համաձայնութեան չեն գար Կազայի մէջ պատերազմը շարունակելու հարցին  շուրջ։

Անհամաձայնութիւններու հետեւանքով Իսրայէլի «պատերազմի փոքրացուած կառավարութեան» անդամներ Պենի Կանց եւ Կատի Այզընքոթ փետրուարի կէսերուն սպառնացին Իսրայէլի կառավարութեան վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուին քանդել «պատերազմի քապինեթ»ը, այն պատճառով, որ Նաթանիահուն «Գազայի հատուածին մէջ իսրայէլցի գերիներու հարցով կարեւոր որոշումներ ընդունած է առանց իրենց  հետ խորհրդակցելու»: 

Աւելի վաղ իսրայէլեան լրատուամիջոցները յայտնած էին, որ Իսրայէլի «պատերազմի փոքրացուած կառավարութեան» մէջ տարաձայնութիւններ եղած են «պատերազմի յաջորդ օրը» թեմայով քննարկումներուն պատճառով, մինչ արդէն Նաթանիահուի գրասենեակը մտավախութիւն ունէր, որ այս թղթապանակը «ճգնաժամ կրնայ ստեղծել դաշինքին մէջ»:

 

 Ի դէպ անցնող 7 Հոկտեմբերի իրադարձութիւնները խորացուցին Իսրայէլի առաջնորդներու միջեւ տարաձայնութիւնները՝ Իսրայէլի կրած խոշոր ձախողման պատճառով։ Միաժամանակ քաղաքական եւ ռազմական մակարդակներու վրայ տարաձայնութիւնները կը շարունակեն աւելնալ՝ վերաբնակներիչներու շարքերուն մէջ ընդդմադիր տրամադրութիւններու սրման եւ  Նաթանիահուի կառավարութեան հանդէպ դժգոհութեան աճի (պատերազմի կառավարման եւ գերիներու խնդրի հետ կապուած) լոսին տակ։