image

Նաթանիահուի հրամանով «Մոսատ»ի պատուիրակները հեռացած են Տոհայէն

Նաթանիահուի հրամանով  «Մոսատ»ի պատուիրակները հեռացած են Տոհայէն

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու կարգադրած է Քաթարէն ետ կանչել «Մոսատ» հետախուզական ծառայութեան ներկայացուցիչները, քանի որ Կազայի մէջ պատանդները ազատելու դիմաց հրադադարի շուրջ բանակցութիւնները փակուղի մտած են:

Տեղեկութիւնը յայտնած է ՌԻԱ Նովոսթի՝ յղում ընելով Իսրայէլի կառավարութեան ղեկավարի գրասենեակին։

«Նաթանիահուի կարգադրութեամբ «Մոսատի» ղեկավար Դաւիթ Պարնեա Տոհայի իր խումբին հրահանգած է վերադառնալ Իսրայէլ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նաթանիահուի գրասենեակը պնդած է, որ «ՀԱՄԱՍ» շարժումը չէ կատարած համաձայնագիրի իր մասը, որ կը նախատեսէր երեխաներ եւ կիներ ազատ արձակել ցուցակով մը, որուն հաւանութիւն տուած էին պաղեստինցիները։