image

Նաթանիահու կը մեղադրէ անվտանգութեան մարմինները ու ապա... կը զղջայ

Նաթանիահու կը մեղադրէ  անվտանգութեան մարմինները ու ապա... կը զղջայ

 Շուրջ  10 ժամ իր գրառումը պահելէ ետք այս առաւօտ Իսրայէլի վարապետ Բենիամին Նաթանիահու ստիպուած եղած է հարթակէն հեռացնել իր գրառումը։

Կը նշուի, որ եղած գրառումը Նաթանաիահույի հերթական փորձն էր իր դէմ եղած մեղադրանքներու մթնոլորտը ցրելու։ Ան այդ գրառումով մեղադրած էր Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութիւնները եւ յատկապէս «Մոսատ»ը, որ սխալ տեղեկութիւններ տուած են կառավարութեան եւ չեն բացայայտած «Համաս»ի գործողութիւն կատարելու իրական պատրաստակամութիւնը։

 

 Ինչպէս նշեցինք Նաթանիահու կատարուած «պայթուցիկ» գրառումէն ետք ստիպուած եղած է հեռացնել այս գրառումը, որ մեծ թիւով վերլուծաբաններու կարծիքով հատած էր Իսրայէլի կառավարութեան եւ Իսրայէլ պետութեան բոլորիս յայտնի «կարմիր գիծեր»ը եւ տարածուած կարծրատիպերը այն մասին, որ Իսրայէլը տագնապներու ժամանակ միշտ ալ միակամ եղած է։

 

 Իր կարգին   Իսրայէլի ընդդիմութեան առաջնորդ Եայիր Լափիտ, որ աւելի վաղ  մերժած  էր   միանալ «արտակարգ վիճակներու կառավարութեան»  արագօրէն  արձագանգած էր Նաթանիահույին ու  մասնաւորապէս ըսած, որ «Նաթանիահու   իր կատարած գրառումով հատեց  բոլոր «կարմիր գիծեր»ը եւ ան պարտաւոր է ներողութիւն  խնդրել»։

 

 

 Եղածը պարզապէս Նաթանիահու վարչապետի վերջի սկիզբն է։