image
Հրատապ լուրեր:

Նաթանիահու «բաց թեքստով» սպառնացած է Լիբանանին

Նաթանիահու «բաց թեքստով»   սպառնացած է Լիբանանին

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն հանդիպած է երկրի հիւսիսային սահմանի զինուորներու հետ եւ նախազգուշական խօսքեր յղած լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժման՝ Լիբանանի հետ սահմանին շարունակուող բախումներու լոյսին տակ: Այս մասին գրած է timesofisrael.com-ը:

«Եթէ «Հըզպալլա» որոշէ մտնել պատերազմի մէջ, ապա կը ձգտի երկրորդ լիբանանեան պատերազմին», -ըսած է Նաթանիահուն՝ յղում ընելով 2006 թուականին Լիբանանի հետ Իսրայէլի պատերազմին:

««Հըզպալլա»-ն իր կեանքի սխալը կը գործէ: Մենք կը հարուածենք անոր այնպիսի ուժով, որ նոյնիսկ չի կրնար պատկերացնել: «Հըզպալլա»-ի եւ Լիբանանի համար ատոր հետեւանքները կործանարար կ՚ըլլան», - շարունակած է Նաթանիահուն:

«Մենք մեր կեանքի կռուի մէջ ենք, մեր տան համար պայքարի մէջ: Սա չափազանցութիւն չէ, գերագնահատում չէ, սա այդպիսի պատերազմ է: Կա՛մ կը սպանէք, կա՛մ կը սպանուիք: Անոնց պէտք է սպանել»,- եզրափակած է Իսրայէլի վարչապետը: