image

Նախագահութեամբ Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանի. Գումարուած է Արեւմտեան Թեմի 95-րդ Պատգմաւորական Ժողովը

   Նախագահութեամբ Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանի. Գումարուած է Արեւմտեան Թեմի 95-րդ Պատգմաւորական Ժողովը

Բարձր հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրերս գումարուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի հերթական պատգամաւորական ժողովը։

Ուշագրաւն այն է, որ այս տարի թեմը կը նշէ իր հիմնադրման 95-րդ տարեդարձը եւ այդ առթիւ ալ պիտի կայացուին յատուկ միջոցառումներ։

«Արեւելք»ի ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Թեմական Առաջնորդն է արմատներով՝ Պէյրութահայ Գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանը , որ ձեռհասօրէն կը հովուէ եւ եկեղեցանուէր  գործունէութիւն կը ծաւալէ առաքինաբար հովուելով Արեւմտեան Ափի  այդքան կարեւոր եւ կենսաղող աթոռը։

Ստորեւ մեր ընթերցողներուն հետ կը կիսուինք այդ առթիւ Թեմի Առաջնորդարանին կողմէ տարածուած թղթակցութիւնը։

Ուրբաթ՝ 5 Մայիս, 2022-ին Պըրպէնքի Առաջնորդարանի «Համբար Ընտանիք» սրահին մէջ կայացած Արեւմտեան թեմի 95-րդ պատգամավորական ժողովին բացման աղօթքը կատարեց Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ․ Յովնան Ս․ Արք․ Տէրտէրեան, որմէ յետոյ Սրբազան Հայրը հոգեհանգստեան աղօթք հնչեցրեց յընթացս այս տարուան՝ ի Տէր ննջեցեալ Թեմական եւ Ծխական անդամներէն՝ Տիար Վահրամ Պիրիճիքի, Տիկին Արփի Պարսամի, Ռասըլ Ատամս, եւ Չարլի Թաթոյեանի հոգիներու համար։

Ժողովին՝ դիւանը Սրբազան Հօր նախագահութեամբ կը բաղկանար հետեւեալներէ՝ Մեծազնիւ Դատաւորուհի Էտրիըն Գրիգորեան (ատենապետուհի), Տիրար Պարլօ Տէր-Մկրտիչեան (փոխատենապետ) եւ Սէնտի Գազանճեան (ատենադպրուհի): Ներկաներուն բարի գալստեան խօսքով ողջունեց՝ ժողովի ատենապետուհի Դատաւորուհի Էտրիըն Գրիգորեան։

Ապա Օրակարգի որդեգրումէն եւ նախորդ պատգամաւորական ժողովին արձանագրութիւնները հաստատելէ յետոյ՝ պատգամաւորները ունկնդրեցին Ազգիս Վեհափառ Հայրապետ՝ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Օրհնութեան գիրը, որը հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով ընթերցուեց՝ Տ․ Գէորգ Քհնյ․ Աբեանի եւ Տ․ Եսայի Քհնյ․ Պետրոսի կողմէ։

Օրուան հոգեւոր պատգամախօսն էր Թեմի երիցագոյն եկեղեցականներէ՝ Արժ․ Տ․ Վազգէն Քհնյ․ Մովսէսեան, ով իբրեւ բնաբան ունենալով Մատթէոսի Աւետարանի 28:1-8 համարները իր խօսքին մէջ այժմէականացուց այդ տողերը առնչելով այն՝ այսօրուան մեր կեանքին եւ ըմբռնումներուն։ Յընթացս իր խօսքին Տէրը Հայրը ամէնքի ուշադրութիւնը հրաւիրեց ժողովասրահին մէջ տեղադրուած գրեթէ հարիւրամեայ պատմութիւն ունեցող խմբանկարին, նշելով, որ սոյն նկարը վերջերս է յայտանբերուել Թեմական խորհրդի ատենապետ՝ Տիար Դերիք Ղուկասեանի կողմէ։ Նկարի ներքեւում՝ հայերեն ձեռագրով, գրուած է․ «Դաշտահանդէս Լոս Անճելոսի Հայ Առաքելական Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ 1927, Յուլիս 4»:

Այնուհետեւ Տէր հայրը իր խօսքին ընդ մէջէն նշեց, «․․․այս հրապուրիչ պատկերը համեմուած մարդկային ջինջ դէմքերով ու հայացքներով եւ իր պատմական նշանակութեամբ լուռ ու գեղեցիկ ուղերձ մըն է ուղղուած մեզ՝ 95 երկար ու ձիգ տարիներու խորքէն։ 1927 թուականը մեր Թեմի հիմնադրման տարին էր, եւ անցեալի այս փոքրիկ յիշատակը կը բացայայտէ այն սերունդի նուիրական պատկերը, ովքեր հիմքը դրեցին այն ամէնի՝ ինչը այսօր կը վայելենք, որպէս հայրենքէն դուրս ամենէն մեծ և ամենէն աշխոյժ Թեմը:

Յոյսն ու տոկունութիւնը այն երկու ուղերձներն են, որոնք կը փոխանցուին այս նկարի միջոցաւ ժամանակի հեռուներէն, քանի ուր որ յոյս կայ, հոնտեղ՝ վախ չկայ: Եւ այդ վախն է, որ կը բացակայի այս նկարէն։ Այդ վախը, այդ անօգնականութիւնը, պարտութեան ողբերգական զգացումն է, որ բացակայի այս նկարէն։ Հոստեղ մենք կը տեսնենք խումբ մը մարդոց, ովքեր տեղահանուած ըլլալով իրենց պատմական հայրենիքէն, ապաստան են գտած մոլորակի միւս կողմում՝ Հրեշտակների քաղաք Լոս Անճելէսի մէջ՝ կեանքի եւ ուրախութեան վերակերտման տեսիլքով: Անոնք չպէտք է հոստեղ ըլլային, միգուցէ անոնք չպէտք է ողջ ըլլային, բայց անոնք ողջ մնացին տարածելու համար մարդկային կեանքի բերկրանքը:

Մեզ դաստիարակած են, որ չպէտք է դատել գիրքն իր արտաքին կազմով, սակայն, հոստեղ արտաքին տեսքը շատ բան կը խօսի այս սերունդի մասին: Ահաւասիկ երբ հայացք մը կը գցենք ժամանակի մեքենայի միջոցաւ, մեր աչքին առջեւ կը հառնուի ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած սերունդ մը, ովքեր անցած են խոշտանգումներու եւ մահուան անապատներու միջով։ Սակայն այդքանով հանդերձ այս դէմքերու մէջ չէք տեսներ, որեւէ յուսահատութիւն կամ մռայլ արտայայտութիւն նշան մը, չնայած, որ դեռեւս թաց էին անոց վերքերը։ Այս նկարին մէջ պատկերուած իւրաքանչիւր դէմք արժանապատւութեան, ուժի եւ հաւատքի դիմանկար մըն է։

Ահա այսօր մենք կը նայինք այս նկարին եւ կը ճանչնանք մեր նախնիներուն, սակայն, մեծ հարց է՝ անոնք կը ճանչնա՞ն մեզի։

Ասիկա այն սերունդն է, որը վերապրեց ցեղասպանութիւնը եւ ասիկա այն սերունդն է, որը ես կ’անուանեմ «Աստուծոյ սերունդ»:

1927-ին այս սերունդն է, որ դրեց Արեւմտեան թեմի հիմնաքարը եւ այս սերունդն է ով կեանք կառուցեց ոչնչէ եւ այսօր մեզի կոչ կ’ուղղէ վերագտնելու այն վայրը, որ կը կոչուէ Հայ եկեղեցի, քանզի Հայ եկեղեցին հին է ու նոր, ամուր է ու տոկուն, բայց եւ քնքուշ է իր զաւակներուն խնամելու համար»:

Ապա Տէր հայրն իր խօսքի վերջաւորութեանը աւելցուց․ «Ուստի այսօր, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի եւ Առաջնորդարանի հարկէն ներս հաւաքուած ամէնքս ցնծութեամբ եւ ամենայն ակնածանօք յայտնենք մեր երախտագիտութիւնը Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Սրբազան Հօրը եւ ընդունենք անոր կոչը, որ է․ «արմատաւորուած ըլլալով անցեալում, հիմնուած ըլլալով ներկայի վրայ եւ հաւատարիմ ըլլալ ապագային»:

Ապա իր խօսքով յանդէս եկաւ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ․ Յովնան Ս․ Արք․ Տէրտէրեանը, ով բարձր գնահատեց Տէր Հօրը իր հոգեշունչ ելոյթի եւ խորհրդածութեան համար, որմէ յետոյ համապարփակ կերպով ներկայացուց տարւոյ ընթացքին կատարած հետեւողական աշխատանքներու մասին։ Սրբազան Հայրը իր բանաւոր խօսքին մէջ նշեց, որ թեմը իր չափերով, ծառայութեանց ոլորտներով, տարողութեամբ, ծրագրերով ու ձեռնարկներով տարի տարուոյ վրայ կը կրկնապատկուի։ Առաջնորդ Սրբազանն իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ազգիս Վեհափառ Հայրապետ՝ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Հայրապեռին իր մշտամնայ հոգածութեան եւ հայրական խնամքին համար, մաղթելով Հայոց Հայրապետին՝ երկար ու անդորր տարիներու կեանք։ Սրբազան Հայրը պատմական համարեց նաեւ Թեմի 95 ամեակին նուիրուած յոբելեանական հանդիսություններու իրականացումը, ինչպէս նաեւ այդ շրջանակին մէջ Թեմի պատմութեան յուշամատեանի բացառիկ հրատարակութիւնը։ Ան իր շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը յայտնեց Թեմական խորհրդի անդամներուն՝ ատենապետութեամբ Տիար Դերիք Ղուկասեանի, ինչպէս նաեւ առաջնորդարանի վարիչ տնօրէն Յարություն Սրկ․ Մարգարեանին, առաջնորդարանի ողջ անձնակազմին եւ գործող բոլոր յանձնախումբերու անդամներուն իրենց նուիրեալ ծառայութեան համար։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր տեղեկագրին մէջ անդրադարձաւ թեմէն ներս իրականացուող եկեղեցաշինական աշխատանքներուն՝ առանձնացնելով յատկապէս այս տարուան ըթացքին ՝ Սան Տիէկոյի Ս․ Սարգիս եւ Սաքրամենթոյի Ս․ Յակոբ եկեղիներու օծման կարեւոր իրադարձութիւնները։

Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ նաեւ նոր հիմնուած ծուխերուն եւ այնտեղ նախատեսուող եկեղեցիներու կառուցման աշխատնքներուն, ինչպէս նաեւ Թեմէն ներս հոգևորականաց պատրաստութեանը եւ երիտասարդական բազմաթիւ ծրագրերուն, որոնք մեծ յաջողութեամբ յառաջ կ'ընթանան։

Տասէն աւելի տարբեր բնոյթի՝ ընկերային, մարդասիրական, կրթական եւ այլ ծրագիրներ Թեմը կ’իրականացնէ Հայաստանէն եւ Արցախէն ներս, ինչպիսիք են՝ «Մեր Յոյսը», Զինուորի վերականգնման տուն, Մանկապարտեզներու ծրագիրը, Կարիքաւոր երեխաներու հիմնադրամը, Արցախեան մարդասիրական ֆոնտը եւ այլք։

Արեւմտեան Թեմը նաեւ Միացեալ Նահանգներէն ներս սերտ համագործակցութեան մեջ է ինչպէս միջեկեղեցական, այնպէս ալ պետական եւ հասարակական զանազան կառոյցների հետ։

Սրբազան հայրը անդրադարձաւ նաեւ յընթացս այս տարուան հոգեւորականներու ձեռնադրութեան հոբելեանական ամեակներուն ի դեմս՝ Տ․ Վազգէն Քհնյ․ Մովսէսեանի, Տ․ Շնորհք Աւ․ Քհնյ․ Դեմիրճեանի, Տ․ Յարութիւն Քհնյ․ Թաշճեանի եւ Տ․ Մեսրոպ Քհնյ․ Աշի։

Այս տարուան լաւագոյն Ծուխ եւ Հոգեւոր Հովուութիւն է ճանաչուած՝ Սան Ֆրանսիսկոյի Ս․ Յովհաննէս եկեղեցին, իսկ որպէս Տարուայ Հոգեւորական՝ Արժ․ Տ․ Եղիշէ Քհնյ․ Քսաճիկեանը։

Այնուհետեւ Սրբազան Հօր խօսքէն յետոյ, տեղի ունեցավ նոր անդամներու ընտրութիւն՝ Թեմական խորհուրդի, Վերաքննիչ յանձնախմբի եւ Մնայուն Հիմնադրամին համար։

Ապա նոր անդամներու ընրութենէ յետոյ՝ Սրբազան հայրը նորակազմ Թեմական խորհուրդի պաշտօնի հաստատման արարողութիւնը կատարեց, իր օրհնութիւնը բաշխեց պատգամաւորներուն եւ աղօթեց անոնց քաջառողութեան եւ յարատեւ յաջողութեան համար:

Պատգամաւորական ժողովի աւարտին, գումարուեցաւ նորակազմ Թեմական խորհուրդի ժողովը, որուն ընթացքին կատարուեցաւ պաշտօններու ընտրութիւնը: Թեմական խորհուրդի 2022 թուականի կազմը հետեւեալն է․ Նախագահ՝ Գերշ․ Տ․ Յովնան Ս․ Արք. Տէրտէրեան, Ատենապետ՝ Տիար Տէրիկ Ղուկասեան, Փոխատենապետ՝ Տիար Վարդան Նազերեան, Գանձապահ՝ Տիար Միքայել Միսաքեան, Քարտուղար՝ Տիկին Սիլվա Քաչիգւեան, Ձայնագրման քարտուղար՝ Տիկին Սիւզի Գրիգորեանց, Հոգշ․ Տ. Բագրատ Ծ․ Վրդ ․Պերճեկեան, Արժ․ Տ. Վազգէն Քհնյ․ Պօյաճեան, Արժ․ Տ. Սերովբէ Քհնյ․Ալանջեան, Արժ․ Տ. Մեսրոպ Քհնյ․ Աշ, Արժ․ Տ. Կոմիտաս Քհնյ․ Զօհրապեան, Տիար Մարկ Աստուրեան, Տիար Արթին Քնաճեան, Տիար Ռաֆի Յակոբեան, Տիար Ալեքս Էսիբով եւ Տիար Արա Երգանեան։

Հուսկ՝ ժողովը փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։