image

Նախագահ Ասատ ընդունեց անյայտ կորսուած սուրիացի զինուորներու մայրերը(Լուսանկարներ)

Նախագահ Ասատ  ընդունեց    անյայտ  կորսուած  սուրիացի զինուորներու մայրերը(Լուսանկարներ)

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հանդիպում ունեցած է Դամասկոսի մէջ առեւանգուած սուրիացիներու ծնողներուն հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Սուրիոյ հանրապետութեան նախագահականի ֆէյսպուքեան էջը:

Աղբիւրը  կը յիշեցնէ, որ   անցնող օրերուն եւ մասնաւորապէս Տումա շրջանին մէջ հարիւրաւոր սուրիացիներ ազատ  արձակուած են, իսկ նախագահ Ասատի կողմէ ընդունուած ծնողներու որդիներուն մասին ցարդ տեղեկութիւններ չկան:

Հանդիպման ընթացքին նախագահ Ասատ շեշտած է, որ անյայտ կորսուածներու խնդիրը պետութեան եւ անոր բոլոր կառոյցներուն առաջնահերթութիւնն է,եւ ոչ մէկ ջանք պիտի խնայեն բացայայտելու անոնցմէ իւրաքանչիւրին ճակատագիրը: