image

Նահատակ հերոս Շիրակ Գասպարեանի անուան լսարան Իջեւանի մէջ

Նահատակ  հերոս Շիրակ  Գասպարեանի  անուան լսարան  Իջեւանի մէջ

ԵՊՀ Իջեւանի մասնաճիւղին մէջ բացուած է Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ անմահացած հերոս՝ Շիրակ Գասպարեանի անուան լսարան:

Տաւուշի մարզպետարանէն յայտնած են, որ լսարանի անուանակոչման արարողութեան ներկայ եղած են Տաւուշի մարզպետարանի գլխաւոր քարտուղար՝ Արման Գէորգեան, Իջեւանի քաղաքապետի տեղակալ՝ Արգիշտի Ամիրխանեան, Տաւուշի թեմի հոգեւոր առաջնորդ՝ Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեան, ԵՊՀ ԻՄ տնօրէնի պաշտօնակատար՝ Անուշաւան Մակարեան, այլ պաշտօնատար անձինք, Շիրակ Գասպարեանի ընտանիքի անդամներ, ընկերներ եւ այլ հիւրեր:

Համալսարանէն ներս կայացած է նաեւ յուշ-ցերեկոյթ՝ նուիրուած Շիրակ Գասպարեանի յիշատակին: Այնուհետեւ տեղի ունեցած է Շիրակի «Ցիրուցան Իղձեր» գրքի շնորհանդէսը, որ լոյս տեսած է ԵՊՀ ԻՄ նախաձեռնութեամբ:

Յիշեցնենք, որ Շիրակ Գասպարեան առաջին օրէն մասնակցած է Արցախեան 44 օրեայ պատերազմին։ 9 Հոկտմբերին, կրելով մեծ կորուստներ, Թաղասեռ գիւղին մէջ ինկած է շրջափակման մէջ։ Արտակարգ իրավիճակին ստանձնած է հրամանատարի պարտականութիւնները։ Չենթարկուելով հակառակորդի պահանջներուն՝ Շիրակ ստացած է հրազէնային մահացու վիրաւորում:

2021-ի 10 ապրիլին ԱՀ նախագահի հրամանագիրով Շիրակ Գասպարեան յետմահու պարգեւատրուած է «Արիութեան մետալով»։