image

Մոսկուայի մէջ մահացած է հայ մեծ գիտնական Ռուբէն Չայլախեան

Մոսկուայի մէջ մահացած է հայ մեծ գիտնական Ռուբէն Չայլախեան

Միքրոկենսաբան, բժշկական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր Ռուբէն Չայլախեանը, որ յայտնաբերած է ցօղունային սթրոմալ բջիջները, մահացած է Մոսկուայի մէջ, 86 տարեկան հասակին։ Այս մասին ԹԱՍՍ-ին տեղեկացուցած են բժշկական ծառայութիւններէն։

«Ակադեմիկոս Արցիմովիչի փողոցի իր բնակարանին մէջ մահացած է Ռուբէն Չայլախեանը։ Բռնի մահուան արտաքին նշաններ անոր մարմնին վրայ չեն յայտնաբերուած»,-ըսած է գործակակութեան զրուցակիցը։

Ռուբէն Չայլախեանը ծնած է 1937-ին։ Երկար տարիներ եղած է Գամալեայի անուան համաճարակաբանութեան գիտահետազօտական հիմնարկի սթրոմալ կարգաւորման տարրալուծարանի վարիչը։ Չայլախյեանը ոսկրածուծի ցօղունային սթրոմալ բջիջները յայտնաբերողն է։ Գիտնականի յայտնագործութիւններու շնորհիւ վնասուածքաբանութեան եւ ուղղամրմնական (օրթոփետիա) ոլորտին մէջ աշխարհի մէջ առաջին անգամ սկսած են կիրառել բջիջային արհեստագիտութիւններ։