image
Հրատապ լուրեր:

Մոսկուայի մէջ «3+3»ի ժողով. Վրաստան պիտի չմասնակցի, իսկ Հայաստանը պիտի ներկայացնէ արտաքին գործերու փոխնախարարը

Մոսկուայի մէջ «3+3»ի ժողով. Վրաստան պիտի չմասնակցի, իսկ Հայաստանը պիտի ներկայացնէ արտաքին գործերու փոխնախարարը

Վրաստանը ներկայացուած պիտի չըլլայ «3+3» ձեւաչափի հանդիպման, որ պիտի կայանայ վաղը Մոսկուայի մէջ։ 

«Արտաքին գործերու նախարարութիւնը մէկ անգամ չէ, որ յստակ դիրքորոշում ճշդած է տարածաշրջանային համագործակցութեան «3+3» նախաձեռնութեան վերաբերեալ։ Մենք չենք դիտարկեր այս ձեւաչափին մասնակցութիւնը, համապատասխանաբար, Վրաստանը ներկայացուած պիտի չըլլայ այս տարուայ Դեկտեմբեր 10-ին նախատեսուած հանդիպման», ըսած են Վրաստանի նախարարութենէն։

Հանդիպման, որուն պիտի մասնակցին Ատրպէյճանի, Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Իրանի արտաքին գործերու փոխնախարարները, Թուրքիան պիտի ներկայացնէ արտաքին գործերու փոխնախարար Սետաթ Օնալի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւնը:

Աւելի վաղ, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարներ Իլհամ Ալիեւը եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը հանդէս եկած էին համագործակցութեան եւ Անդրկովկասի մէջ տնտեսական եւ փոխադրական կապերու ապաշրջափակման հարցով վեցակողմ ձեւաչափի առաջարկով։ Ռուսաստանն ու Իրանը ողջունած են այս գաղափարը, Վրաստանը յայտարարած է, որ չի ծրագրեր մասնակցիլ այս տարածաշրջանային նախաձեռնութեան, բայց Պաքուին եւ Երեւանին կ'առաջարկէ բանակցութիւններու իր ձեւաչափը՝ խաղաղութիւնը պահպանելու համար։