image

Մոսկուայի հեռաւոր մէկ շրջանին մէջ հայորդի մը մահացած է

Մոսկուայի հեռաւոր  մէկ  շրջանին մէջ հայորդի մը մահացած է

Մոսկուայի մարզի Ռամենսքի թաղամասի «Սաննի Պիչ» աւանին մէջ կառուցուող տան փլուզման հետեւանքով Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի մահացած է: Բժիշկները չեն կրցած օգնութիւն ցուցաբերել, քանի որ ստիպուած  եղած են սպասել փրկարարներուն:

Կառուցուող տան մէջ, ուր կ'աշխատէին երկու շինարար, բարձրացուած էին միայն պատերն ու պեթոնէ սալերու միջնայատակները: Երկու աշխատողներն ալ եղած են առաջին հարկին վրայ, երբ տանիքը փլած է: Շինարարներէն մէկը կրցած է ետ ցատկել, իսկ միւսը չէ հասցուցած եւ մնացած է պեթոնէ սալի տակ:

Միջադէպին ականատեսները զանգած են շտապօգնութիւն, որ արագ ժամանած է, սակայն սպասած է փրկարարներու ժամանելուն, որպէսզի կարենայ հասնիլ տղամարդուն: Երբ փրկարարները բարձրացուցած են փլատակները, պարզուած է, որ տղամարդը մահացած է:

Կ'ենթադրուի, որ փլուզման պատճառ դարձած են յորդառատ անձրեւները:

Տղամարդուն մահուան դէպքին առթիւ Մոսկուայի մարզի Քննչական կոմիտէի գլխաւոր քննչական վարչութեան մէջ հետաքննութիւն տեղի կ'ունենայ: