Շատ աշխատանքներ, որոնք մշակուած էին Մինսքի խումբի շրջածիրէն ներս եւ կը վերաբերէին կարգաւորման սկզբունքներուն ու մեթոտներուն, իրենց ներդրումն ունեցած են տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան վերականգնման գործին մէջ. սեպտեմբեր 4-ի ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։
Մոսկուան կը համարէ, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի լուծարումը Ղարաբաղեան կարգաւորման հարցով հիմնաւորուած է՝ հաշուի առնելով տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած արմատական փոփոխութիւնները։
«Մենք այս քայլը կը համարենք հիմնաւորուած եւ արդարացուած՝ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած արմատական փոփոխութիւններու պայմաններուն մէջ», –ըսած է Զախարովան։
Անոր խօսքով՝ խումբի ամբողջ գործունէութեան ընթացքին Ռուսիան գործադրած է առաւելագոյն ջանքեր՝ իր առջեւ դրուած խնդիրներու լուծման համար, ի նպաստ Ռուսիոյ բարեկամ ժողովուրդներու՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հաշտեցման։
«Մինսքի խումբի բազմաթիւ մշակուած գաղափարներ, որոնք կը վերաբերէին կարգաւորման սկզբունքներուն ու մեթոտներուն, այս կամ այն ձեւով կիրառուած են տարբեր միջազգային հարթակներու վրայ եւ ներդրում ունեցած են տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան վերականգնման գործին մէջ», – ընդգծած է Ռուսիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը։
Սեպտեմբեր 1-ին ԵԱՀԿ նախարարներու խորհուրդը որոշած է լուծարել Մինսքի խումբը։ Նախարարներու խորհուրդի որոշումը ընդունուած է ԵԱՀԿ 57 մասնակից պետութիւններու համաձայնութեամբ։