image
Հրատապ լուրեր:

Մոսկուայէն խիստ կոչ՝ Պաքուին. «Շտապ միջոցներ ձեռնարկել Լաչինի միջանցքն անյապաղ ապաշրջափակելու համար»

Մոսկուայէն խիստ կոչ՝ Պաքուին. «Շտապ միջոցներ ձեռնարկել Լաչինի միջանցքն անյապաղ ապաշրջափակելու համար»

Մտահոգիչ է, որ այսօր իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ կը զարգանայ բացասական սենարով։ Տարածքին մէջ մարդասիրական ճգնաժամը երթալով կը խորանայ:

Այս մասին ըսուած է ՌԴ ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ․

«Տեղի բնակչութիւնը սնունդի, դեղորայքի, առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու սուր պակաս կը զգայ, զրկուած է ելեկտրական ուժանիւթէն եւ կազէն: Սա կրնայ ամենաողբերգական հետեւանքները բերել Ղարաբաղի հայութեան՝ շրջանի հասարակ բնակիչներու համար։

Մենք խստօրէն կոչ կ'ընենք Ատրպէյճանի ղեկավարութեան շտապ միջոցներ ձեռնարկել Լաչինի միջանցքը անյապաղ ապաշրջափակելու, քաղաքացիներու, փոխադրային միջոցներու եւ ապրանքներու անխոչընդոտ տեղաշարժը վերսկսելու երկու ուղղութիւններով, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի ուժանիւթի մատակարարումը վերականգնելու ուղղութեամբ»։