Meta-ն պիտի ընէ հնարաւոր ամէն ինչ` ռուսաստանցիներուն համար Facebook-ի ծառայութիւններուն հասանելիութիւնը վերականգնելու համար: Ռոսկոմնատզօրի կողմէ արգելափակելու որոշումէն յետոյ ըսած է ամերիկեան ընկերութեան փոխնախագահ Նիք Քլեկը:
«Մենք պիտի շարունակենք ընել հնարաւորը մեր ծառայութիւնները վերականգնելու համար, որպէսզի անոնք հասանելի մնան մարդոց՝ անվտանգ արտայայտուելու եւ գործողութիւններ կազմակերպելու համար», գրած է ան Թուիթըրով: