image
Հրատապ լուրեր:

Մոռցուած Հրեշտակներ

Մոռցուած Հրեշտակներ

Մենք այդ ցաւալի օրերուն, Ցեղասպանութեան թուականներուն, ունեցած ենք անձեր, որոնք մեզի օգտակար եղած են եւ անոնք իրենց կեանքը վտանգի ենթարկելով` ֆիզիքապէս եւ բարոյապէս, կարողացած են մեզի տէր դառնալ. ես այդ անձերը կոչած եմ «Մոռցուած հրեշտակներ»…

Դժբախտաբար անոնց մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն կամ յիշատակում կայ:

Ովքե՞ր են այդ հրեշտակները, որոնք օգնեցին եւ տէր դարձան մեր որբերուն ու մեր իրաւունքներուն: Այսօր, ցաւալիօրէն ոեւէ հայ աշակերտ եւ երիտասարդ անոնց անունը չէ լսած…

 

 

1948 թուականին, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (UN) ստեղծումէն երեք տարի ետք, աշխարհի բառապաշարին մէջ տեղ գտաւ Genocide բառը, որ կը նշանակէր ցեղասպանութիւն:

Ցեղասպանութեան հռչակագիրին (Genocide Convention) հայրը եղած է Ռաֆայէլ Լեմքին, լեհ փաստաբան մը, որ ստեղծեց ցեղասպանութիւն (Genocide) բառին գաղափարը (concept):

1915 թուականին, Լեսլի Տէյվիս` Խարբերդի ամերիկեան հիւպատոսը, որ ականատես եղած է  ջարդերուն (Խարբերդը թուրքերը Մամուրէթ ՈւլԱզիզ Mamouret oul Aziz կը կոչէին), յիշատակեց այդ դէպքերը իբրեւ Ընդհանուր ջարդ (General massacre) եւ Հայ ազգը իբրեւ ցեղ բնաջնջելու ծրագիր (a plan to destroy the Armenian race as a race).

Իսկ Պոլսոյ մէջ ամերիկացի դեսպանը` Հենրի Մորկընթաու, արտաքին գործոց նախարարութեան իր ուղղուած զեկուցումներուն մէջ զայն կոչեց իբրեւ Ազգի մը սպանութիւնը («Murder of a Nation»)…

Այսօր, շնորհիւ փաստաբան Ռաֆայէլ Լեմքինի, հայութեան դէմ գործուած Մեծ ոճիրը իր յատուկ աշխատանքին մէջ ճանչցուեցաւ իբրեւ ցեղասպանութիւն` GENOCIDE.

Օտար դեսպաններ եւ հիւպատոսներ յստակ վկայութիւն տուած են, բայց մինչեւ այսօր թրքական պետութիւնը կը շարունակէ իր ուրացումը եւ ժխտումը:

108 տարիներ ետք թուրք կառավարութիւնը ոչ մէկ քայլ առաւ իրականութիւնը ընդունելու համար եւ այսօր իր պատճառաբանութիւնը այն է, թէ անոնք զոհեր են Ա. Համաշխարհային պատերազմի, երբ հայեր եւ թուրքեր մահացան:

Ո՛չ մէկ վկայութիւն կայ, որ թուրքեր ջարդուեցան կամ մորթուեցան… եւ իրենց կիներն ու մանուկները ահռելի չարչարանքներու ենթարկուեցան… եւ ցաւալին այն է, որ թուրք պետութիւնը կը պահանջէ մուտք գործել եւ մաս կազմել Եւրոպական ժողովրդավար երկիրներու շարքին… վարագոյր ծածկելով  անցեալին իր գործած ոճրագործութիւններուն:

Մեզի համար` իբրեւ հայ, ցաւալի կը թուի այս կացութիւնը, բայց այսօր իրաւունքը զօրաւորին է… եւ ժամանակը ի նպաստ մեզի չէ… (ինչ որ կը տեսնենք այսօր Արցախի մէջ` նոյն պատկերն է… թուրքերու աշակերտ` ազերիներու վարուելակերպը):

Եւրոպացիներ, ամերիկացիներ կը դիտեն եւ վերջաւորութեան իրենց շահը կը հետապնդեն, մանաւանդ որ այսօր քարիւղը «սեւ ոսկի» է, որ կ՛իշխէ անմարդկային քաղաքականութեան մէջ… եւ տարիները անցնելով մարդկային իրաւունքները ոտնակոխ կ՛ըլլան, եւ վէրքը կը մնայ վէրք…

Այս ըսելով պէտք չէ յուսահատինք, բայց նոյն ատեն պէտք է որ պահանջատիրական մեր կրակը վառ պահենք:

Այս գծով հայ ժողովուրդը նախ իր պատմութիւնը եւ իր անցեալը պէտք է լաւ գիտնայ, բաւարար չէ միայն ամէն տարի Ապրիլ 24-ին դրօշակ շալկէ եւ այդ ձեւով իր հայութիւնը պաշտպանած համարէ…

Մեր պատրաստութիւնը ամբողջական չէ, բաւարար չէ, որովհետեւ դարձեալ կը նշեմ, մենք եւ մեր զաւակները մեր անցեալին մասին լաւ տեղեկութիւն չունինք, որովհետեւ մեր դպրոցները մեզի անհրաժեշտ թուաբանութեան, աշխարհագրութեան եւ զանազան գիտութիւններէն զատ, մեզմէ մութ պահեցին մեր ջարդերու իսկական պատմութենէն բաժիններ, եւ մենք փազըլի նման կտոր-կտոր, աջ ու ձախ նկարներ հաւաքելով կը ջանանք իրական եւ յստակ պատկերացում մը ունենալ:

Ինչո՞ւ մեր դպրոցներուն մէջ Ցեղասպանութեան մասին յստակ պատմութիւն չկայ. ի՞նչ է պատճառը:

Մենք այդ ցաւալի օրերուն, Ցեղասպանութեան թուականներուն, ունեցած ենք անձեր, որոնք մեզի օգտակար եղած են եւ անոնք իրենց կեանքը վտանգի ենթարկելով` ֆիզիքապէս եւ բարոյապէս, կարողացած են մեզի տէր դառնալ. ես այդ անձերը կոչած եմ «Մոռցուած հրեշտակներ»…

Դժբախտաբար անոնց մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն կամ յիշատակում կայ:

Ովքե՞ր են այդ հրեշտակները, որոնք օգնեցին եւ տէր դարձան մեր որբերուն ու մեր իրաւունքներուն: Այսօր, ցաւալիօրէն ոեւէ հայ աշակերտ եւ երիտասարդ անոնց անունը չէ լսած…

Տարիներ առաջ, Լիբանանի հայոց թեմի նախկին առաջնորդին երբ այս նիւթը ներկայացուցի, շատ համոզուած ըսաւ, թէ` «անպայման պէտք է մեր դպրոցներուն մէջ անոնց մասին ամփոփ ձեւով ներկայացնել», բայց դժբախտաբար այդ մէկը չիրագործուեցաւ կամքէ անկախ պատճառներով: Բայց ուշ չէ, մեր պարտականութիւնն է մեր զաւակներուն յիշեցնել ո՛չ միայն չարն ու ջարդարարը, այլ նաեւ մեզի օգնող եւ բարեգութ անձերը… միայն այս ձեւով կրնանք կրակը զօրաւոր պահել մեր հայութեան սրտերուն մէջ:

Որո՞նք են այդ «Մոռցուած հրեշտակներ»-ը…

Անոնց մասին մէկ առ մէկ յիշեցները երկար էջեր պիտի պահանջէ, սակայն կարճ եւ ամփոփ տեղեկութիւն կարելի է տալ անոնց մասին.

Մեր «Մոռցուած հրեշտակներ»-ը հետեւեալներն են…

1.- Johannes Lepsius- Գերմանական Կարմիր խաչի պատասխանատուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ. բազմաթիւ զեկոյցներ ղրկած է Գերմանիոյ թերթերուն, ուր իր վկայութիւնը տուած է ջարդերու մասին եւ նեղութիւն պատճառած է Գերմանիոյ կառավարութեան, որ թուրքերուն հետ կը գործակցէր: Հակառակ աքսորուելուն, շարունակած է թերթերու միջոցով Գերմանիոյ ժողովուրդը տեղեկացնել Հայոց ցեղասպանութեան մասին. ի նպաստ Սողոմոն Թեհլիրեանի վկայած է Թալէաթ փաշայի սպանութեան դատին:

2.- Armin Wagner- Զինուորական սպայ մը` Գերմանիոյ բանակին մէջ եւ Կարմիր խաչի անդամ. խրտչած էր իր պատկանած բանակէն եւ գաղտնօրէն նկարած է ջարդերը եւ անմահացուցած է զանոնք` հրատարակելով բազմաթիւ նկարներ. մեծ բարեկամ եղած է հայ ժողովուրդին.

3.- Franz Werfel- Աւստրիա-հրէական գրող մըն էր, որ գրած է «Մուսա Լերան 40 օրերը» եւ Լեփսիուսի համար ըսած է, թէ հայերու պահապան հրեշտակը եղած է:

4.- Dr. Clearance Ussher- բժիշկ  եւ կինը:

5.- Grace H Knapp- Միսիոնար Վանի մէջ: Տէր եւ տիկին շատ օգտակար եղած են հայերուն:

6.- Dr. Herbert Atkinson- Տնօրէն` Եփրատ քոլեճի:

7.- Ernest Briggs- Նախագահ` Եփրատ քոլեճի:

8.- Martin Niepag-  Տնօրէն` Գերմանական քոլեճի,  Հալէպի մէջ. գրած է հայերուն ջարդերուն մասին եւ տեղեկացուցած է իր գերմանացի ժողովուրդը:

9.- Alma Johansson- Վկայ եղած է Ցեղասպանութեան: Աշխատած է հայ որբանոցի մէջ, կեանքը վտանգի ենթարկած է ազատելու համար որբանոցի պզտիկները, որոնք փակ տան մը մէջ բանտարկուած էին եւ տունը այրելով պիտի սպաննէին զիրենք… Աշխարհը շրջած է` պատմելով իր տեսածը եւ վկայելով թուրքերուն վայրի սպանութիւնները. գիրք հրատարակած է այդ դէպքերուն մասին` «Աքսորի ժողովուրդ» վերնագիրով «A People in Exile»:

10.- Maria Jacobson- Դանիացի միսիոնար Խարբերդի մէջ. վկայ եղած է Ցեղասպանութեան.

11.- Karen Peterson- Դանիացի միսիոնար:

12.- Karen Yeppe- Դանիացի միսիոնար:

13.- Jacob Kunzler- Զուիցերիոյ Օգնութեան խաչի անդամ. վկայած եւ գիրք հրատարակած է` «Արեան եւ արցունքի երկիր» վերնագիրով` «The land of blood and tears»: Օգնած է հազարաւոր որբերու եւ փակելով իր հիւանդանոցը Ուրֆայի մէջ, փոխադրուած` Ղազիր, ուր բացած է որբանոց մը, ապա Պէյրութի մէջ բացած է հայ այրիներու կեդրոն մը եւ թոքախտանոց մը` Ազունիէի մէջ:

14.- Bodil Bjorn-  Նորվեկիացի միսիոնար: Մուշի որբանոցին պատասխանատուն եւ վկայ ջարդերուն: Կարողացած է իր միջոցներով` Ռաֆայէլ Սէֆէրեան կոչուած հայ որբ պատանի մը փախցնել Նորվեկիա:

Հիւանդանոցներ բացած է Գիւմրի,  Ալեքսանդրապոլ  եւ Հալէպ. հայերը զինք «Մայրիկ» կոչած են… Հալէպի մէջ բացած է նաեւ նոր որբանոց մը, որ կոչուած է` Լուսաղբիւր:

15.- Leslie Davis- Ամերիկացի հիւպատոսը  Խարբերդի մէջ. ազատած է շատ մը հայ երիտասարդներ` անոնց ամերիկեան անձագիր (passport) յատկացնելով. պարզապէս իրենց նոր նկարները դնելով այդ ամերիկեան անձագիրներուն վրայ. որովհետեւ անոնք զոհ գացած էին ջարդին եւ ետ չէին ներկայացած… (այդ տարիներուն ամերիկացի հայերը, որոնք ամերիկեան անձագիր ունէին, ըստ օրէնքին, պարտադրուած էին իրենց անձագիրը հիւպատոսարան ձգել եւ վերադարձին հոնկէ առնել…) շատ շատեր չէին վերադարձած: Leslie Davis վկայած եւ ականատես եղած էր հազարներով հայ սպաննուած անձերուն (Lake Geoljuk, որ այսօր (Lake Hazal) կը կոչուի)… Ատոր հիման վրայ 80 հայեր հիւպատոսարանին (consulat) պարտէզը պահած եւ ընդյատակեայ անցք մը կազմած է, ուրկէ հայերը Եփրատ գետի ճամբով  պիտի կարենային փախչիլ: Davis Մ. Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ղրկած է 32.000 էջնոց զեկոյց մը… հայերու ջարդին մասին:  Զեկոյցը կը գտնուի Պետական արխիւներու մէջ` National Archives- D.S. Record Group 59 Dec File Nօ 867.4016/269 թիւին տակ.

16.- Andre Maldestam- Մեծ դիւանագէտ  միջազգային իրաւանց դասախօս` Փեթրոկրատի համալսարանէն վկայուած: Ռուսական Ցարական դեսպանատան մէջ drogman էր (մեծ պաշտօնեայ ունեցող): Հայասէր անձ ըլլալով եւ տեղեակ ըլլալով երիտասարդ թուրքերու ծրագիրին, հայ պատասխանատուներուն լուր ղրկած է, թէ ջարդի պատրաստութիւններ տեղի կ՛ունենան. մօտ 1 տարի առաջ եւ գաղտնի հանդիպումներով մանաւանդ Պոլսոյ Եղիայեան պատրիարքին հետ, զայն տեղեկացուցած է այդ մասին.

17.- Hussain Al Atrache- Տիւրզի մեծաւոր Սուրիոյ մէջ. օգնած է հայերուն եւ հազարներով հայեր փրկած, պարտադրելով տիւրզի ընտանիքներուն օգնել հայ որբերուն եւ զանոնք հիւրընկալել իրենց տուները.

18.- Cheikh al Bisrih- Եգիպտոսի Ազհար համալսարանէն ֆաթուա մը հրապարակած է անոնց դէմ, որոնք կը մասնակցին հայերու սպանութեան.

19.- Hussein Ben Ali- Սէուտական Արաբիոյ մէջ Մէքքէի կառավարիչը հրաման ուղղած է իր պէտէուիներուն, որոնք կը կռուէին թուրքերուն դէմ, որպէսզի պաշտպանեն հայերը եւ հրաման տուած, որ անոնք կարենան ապրիլ իրենց թաղերուն եւ իրենց tribus շրջաններուն մէջ.

20.- Nansen Fridjof- Նորվեկիացի` շահած է  Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակ` հազարներով անցագիրներ դասաւորած է հայ գաղթականներուն  եւ զանազան ազգերու պատկանող եւ Ա.  Համաշխարհային պատերազմէն փախած մարդոց,  որոնք առանց որեւէ ինքնաթուղթի կը թափառէին Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի մէջ:

21.- Mehmed Jalal Bey- Մեծ պաշտօն ունեցող եւ Օսմանեան կառավարութեան մէջ մեծ պատասխանատու, որ եղած է Էրզրում- Ատրիանապոլիս- Այտըն- Հալէպ- Գոնիա- Ատանա քաղաքներու կառավարիչ. ազատած է բազմաթիւ  հայեր` չգործադրելով եւ անտեսելով այն հրամանները, զորս կը ստանար…

22.- Hassan Mazher- Անգարայի Վալի. նոյն ձեւով անտեսած է հրամանները.

23.- Suleyman Nazif- Պաղտատի կառավարիչ. նոյն ձեւով անտեսած է հրամանները եւ այդպիսով բազմաթիւ հայեր փրկած է:

24.- Amalia Lange, 25- Walter Rossler, 26- William Nesbitt  եւ բազմաթիւ ուրիշներ, որոնց անունները չյիշեցինք պարզապէս յօդուածը չերկարելու միտումով:

Ներողութիւն կը խնդրեմ, եթէ անուններ մոռցուեցան մեր հրեշտակներու ցանկէն:

Շատ կարեւոր էր յիշել զիրենք, եւ շատ կարեւոր է, որ մեր երիտասարդները տեղեկանան անոնց մասին:

Հայոց ցեղասպանութիւնը պէտք չէ յիշուի միայն հայ ազգին հանդէպ չարիք գործող չար անձերով, այլ պէտք է յիշուի նաեւ մեր ժողովուրդը փրկող բարի հրեշտակներով:

Անցեալին, իտալացի մեծ փիլիսոփայ եւ քաղաքագէտ մը նշանաւոր նախադասութիւն մը յայտնեց 1498 թուականին եւ աշխարհի պատմութիւնը արձանագրեց իր անունն ու հռչակաւոր խօսքը. «Ով որ իր անցեալը չի ճանչնար, չի կրնար իր ապագան պաշտպանել»: Այդ անձը կը կոչուէր Նիքոլա Մաքիավելլի:

Փաուլօ Գազազեան

Նիւթը ՝ «Ազդակ»էն 

2023