image

Մոնթրէալ. «Անի» պարախումբը բացառիկ ելոյթը

Մոնթրէալ. «Անի» պարախումբը բացառիկ ելոյթը

Համազգայինի Քեպէգի Սանահին մասնաճիւղի «Անի» պարախումբը, օրերս, հանդէս եկած է տպաւորիչ ելոյթով մը, ներկայացնելով հարուստ պարացանկ մը, ղեկավարութեամբ՝ պարուսոյց Լեւոն Արապեանի։

«Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ horizonweekly-էն:

Կիրակի, 25 Հոկտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Théâtre Marcellin-Champagnat հանդիսասրահին մէջ, հիասքանչ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Համազգայինի Քեպէգի Սանահին մասնաճիւղի «Անի» պարախումբը, պարուսոյց Լեւոն Արապեանի անդրանիկ ելոյթով, որ արժանաբար հմայեց ներկաները: Ելոյթին ներկայ էին Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեան՝ ներկայացուցիչ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեանի, Շովիկ Թերզեան՝ Ազգային վարչութեան ատենապետուհի, Յակոբ Տէր Խաչատուրեան՝ ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի ներկայացուցիչ, քոյր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, համազգայնականներ եւ արուեստասէր հոծ բազմութիւն մը, որ լիացուցած էր ամբողջ սրահը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Պարախումբի յանձնախումբի անդամ Կարին Սարգիսեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները ըսաւ. «Այս ներկայացման միջոցաւ կը փափաքինք լուսաբանել պարը, իբրեւ զգացումներու արտայայտութիւն, ինչպէս նաեւ զանոնք փոխանցելու ձեւ եւ միասնութեան միջոց: Իւրաքանչիւր շարժում պատմութիւն մը ունի իր ետին՝ ժողովուրդի յիշողութենէն եւ մշակոյթէն, որ կը շարունակէ ապրիլ մեր մէջ: Պարը առանց խօսքի մեզ կը վերադարձնէ մեր արմատներուն եւ կը միացնէ՝ համատեղ զգացումներով»: Սարգիսեան նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց պարուսոյցին, Պարախումբի յանձնախումբին, վարչութեան, ծնողներուն եւ ներկայ հանդիսատեսներուն, որոնց յարատեւ նեցուկին արգասիքն էր սոյն ելոյթը:

Գեղարուեստական յայտագիրը սկիզբ առաւ «Լորքէ» պարով, որուն յաջորդեցին «Ուզունտարա»ն, «Նազ պար»ը՝ մենակատարութեամբ Վանի Թոգաթլեանի, Աննա Պուլկարեանի, Միրիամ Թովմասեանի, Դալար Թեճիրեանի եւ Նանոր Փիլիպոսեանի: Յաջորդաբար ներկայացուեցան «Պանծալի», «Զեփիւռեան թեւեր»՝ մենակատարութեամբ Մարի Յովհաննէսեանի, Աննա Պուլկարեանի, Թալին Գասպարի եւ Ռիմա Խարշաֆճեանի, «Հզօր պար», «Եռաչափ»՝ մենակատարութեամբ Թալին Գասպարի, Ինէս Նեւընի եւ Լուսին Խշխշեանի, «Եարխուշտա», «Արմատախոր»՝ ներկայացուած «Անի» Պարարուեստի Ուսումնարանի աւագ խումբին կողմէ եւ «Ցնծութիւն» պարերը:

Կարճ դադարէ ետք յայտագիրը շարունակուեցաւ, հերթաբար ներկայացուած հետեւեալ պարերով. «Քոչարի», «Քոյրերու սէր»՝ մենակատարութեամբ Նանոր Փիլիպոսեանի եւ Ռիմա Խարշաֆճեանի, «Սիրոյ ալիքներ», «Բերդ», «Էրզրումի շորոր», «Վերադարձ»՝ մենակատարութեամբ Թալին Գասպարի, «Կատակ պար», «Բերկրանք»՝ ներկայացուած «Անի» Պարարուեստի Ուսումնարանի աւագ խումբին կողմէ եւ «Ապագայ» պարերը, որոնք ներկայացուեցան պարախումբի աւելի քան 50 պարողներուն ոգեշնչող ու թովիչ շարժումներով ու թնդացուցին ամբողջ հանդիսասրահը, նոյնչափ ոգեւորելով նաեւ հանդիսատեսները, որոնք երկար ու բուռն ծափողջոյններով արտայայտեցին իրենց գովասանքն ու գնահատանքը բեմին վրայի հեւասպառ բայց հրճուանքէ ցնծացող երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն: Մեծապէս գնահատելի էր գուլիսներու ետին աշխատող պարախումբի յանձնախումբին եւ ծնողներու խումբին յամառ աշխատանքն ու նեցուկը, բայց յատկապէս՝ պարուսոյցին փութաջան ճիգն ու հետեւողական աշխատանքը, որուն շնորհիւ գաղութը վայելեց բարձրորակ ու առինքնող ելոյթ մը:

Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Քեպէգի Սանահին մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Ռուբէն Սարգիսեան, որ նախ խօսքը ուղղեց պարուսոյցին եւ բարձր գնահատեց անոր տքնաջան ու յամառ աշխատանքը, ապա պարողներուն՝ յայտնելով որ, որպէս նախկին պարող, լաւապէս կը հասկնայ իրենց խանդավառութիւնը, նաեւ բեմին քաշողականութիւնը, որ երկար ատեն զիրենք պիտի պահէ բեմին վրայ, նոյն ոգեւորութեամբ եւ նոյն եռանդով:

Աւարտին օրհնութեան խօսք փոխանցեց Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեան ըսելով. «Այսօր մեր երիտասարդները ցոյց տուին մեզի, թէ իրենք կառչած են իրենց արմատներուն, կառչած են Արարատին, Արագածին, կառչած են Սասունին եւ Մուշին նաեւ փաստեցին, որ իրենք ջահը առած են իրենց նախնիներէն եւ պիտի փոխանցեն յաջորդ սերունդին», ապա «Պահպանիչ»ով փակեց ձեռնարկը:

 

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան